استضاف صاحب السيادة المطران ماسيس زوبويان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب و توابعها ممثل البطريرك الماروني المطران السابق لبيروت بولس مطر الموقر، برفقة المطران مار يوسف طوبجي وعدد من الآباء والكهنة وذلك في مقر مطرانية الأرمن الأرثوذكس يوم الثلاثاء الواقع في 21 تموز 2020.
————————————-

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Լիբանանէն ժամանած Մարոնիներու Պատրիարք Մար Պշարա Պթրոս Ռայի Քարտինալի ներկայացուցիչ՝ Պէյրութի նախկին Առաջնորդ Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը, Մարոնի համայնքի Հալէպի Առաջնորդ Մար Եուսէֆ Թոփճիի եւ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ:

Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսը այս օրերուն Հալէպ կը գտնուի ներկայացնելու Մարոնիներու Պատրիարքը Մար Իլիաս Վերանորոգուած եկեղեցւոյ բացման եւ վերօծման պաշտօնական արարողութիւններուն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Թեմիս հոգեւորականներուն ընկերակցութեամբ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորեց այցելուները, որոնք մուտք գործեցին Մայր եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ կանոնական աղօթք, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն: Անոնք շրջելով եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն մէջ ծանօթացան պատմական եկեղեցւոյ անցեալին եւ հարուստ պատմութեան: Ապա պատուիրակութիւնը բարձրացաւ Ազգ. Առաջնորդարան, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ հանդիպում ունեցաւ:
Սրբազան Հայրը այցելուներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց Մար Իլիաս պատմական եկեղեցւոյ վերօծման առիթով: Մասիս Եպիսկոպոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց, անդրադառնալով հայ եւ մարոնի եկեղեցիներու եղբայրական պատմական յարաբերութեան:

Երկու Սրբազանները դրուատիքով անդրադարձան տարածաշրջանէն ներս հայ եւ մարոնի եկեղեցիներու եւ անոնց ժողովուրդներուն ներկայութեան եւ յարաբերութեան անցնող երկար տարիներու ընթացքին:

Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը վեր առաւ եւ երախտագիտութեամբ յիշեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական բնագաւառէն ներս տարած հսկայական աշխատանքը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատուիրակութեան ներկայացուց Թեմի տարածքին տարուած աշխատանքները, անդրադառնալով Հալէպի եկեղեցական կեանքին, Ճեզիրէի շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն աշխոյժ ներկայութեան, ծովափնեայ շրջանի եւ Քեսապի եկեղեցական աշխատանքներուն եւ Դամասկոսի մէջ Վսեմաշուք Նախագահին ներդրումով վերանորոգուած Ազգ. Միացեալ Վարժարանին եւ զանազան այլ ծրագիրներու:

Այցելութեան ուրախ առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը արծաթեայ խաչ նուիրեց Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոսին:
Հանդիպումը ընթացաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ: