Չորեքշաբթի, 22 Յուլիս 2020-ին, կէսօրուան ժամը 3:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հիւրընկալեց Սուրիոյ Խորհրդարանի նորընտիր հայ երեսփոխաններ՝ Յարգարժան Տիար Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազնուափայլ Տիկ. իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց սուրիահայ երեսփոխաններուն եւ Թեմի ժողովուրդին ու ժողովականութեան անունով անոնց մաղթեց աննահանջ երթ եւ մշտանորոգ կորով, յառաջ տանելու Սուրիական Հայրենիքի վերելքին նպաստող նուիրական ծառայութիւնը:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հեռաձայնային կապ հաստատեց Դամասկոսի նորընտիր հայ երեսփոխան Համեստափայլ Դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ, որուն փոխանցեց Նորին Սրբութեան շնորհաւորութիւնները, մաղթելով անսպառ ուժ եւ բարեյաջող երթ ազգօգուտ ծրագիրներով սատարելու Սուրիական Հայրենիքի վերածաղկումին: