Հորիզոն – Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ուղղուած 21 Յուլիս թուակիր նամակով մը,Քանատայի խորհրդարանի պաշտօնական ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի հանդէպ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ արարքները։
Նշելով որ միշտ հպարտ զգացած են Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ գործակցելու առիթներով, ընդդիմութեան ղեկավարը նամակին մէջ կը յայտնէ, որ Պահպանողականները միշտ արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը ի տես Արցախի եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող բռնարարքներուն։ «Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել Քանատայի իշխանութիւններուն որպէսզի աջակցին Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքին», նամակին մէջ կը հաստատէ Անտրու Շիր։
Պահպանողական ղեկավարը նամակին մէջ կոչ կ՚ուղղէ հակամարտ կողմերուն յարգելու հրադադարը եւ զօրակցութիւն կը յատնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն։