«Ասպարէզ».-ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուած է Ազգային պաշտպանութեան թոյլտուութեան մասին օրէնքին (National Defense Authorization Act) փոփոխութեան, որ կոչ ուղղած է աւելի խիստ վերահսկում սահմանել պաշտպանական ծրագիրին նկատմամբ, որուն միջոցով Ատրպէյճան որպէս ռազմական օգնութիւն Միացեալ Նահանգներէն աւելի քան 120 մլն տոլար է ստացած է:

Փոփոխութեան հարցը քուէարկութեան դրուած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական հարցերու յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոունի նախաձեռնութեամբ: Աւելի ուշ քննարկման պիտի դրուի Ծերակուտականի մէջ:
Ուղղումը Փենթակոնէն կը պահանջէ Քոնկրէսին ներկայացնել ԱՄՆ ռազմական օգնութեան ծրագիրի մասին զեկոյց, որ վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին աւելի քան 120 մլն տոլարի պաշտպանական օգնութիւն ուղարկուած է Ատրպէյճանին:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան քուէարկութենէն ետք շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոունին, Պրետ Շերմանին, Ճեքի Սպիրին եւ Ատամ Շիֆին Ատրպէյճանը զինելու հարցով ամերիկեան վարչակազմէն թափանցիկութիւն եւ պատասխանատուութիւն պահանջելուն համար:
Ընդհանուր առումով, Ազգային պաշտպանութեան թոյլտուութեան մասին օրէնքին մէջ Ատրպէյճանին վերաբերող չորս ուղղում առաջարկուած է: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի ԱՄՆ-ի կողմէն Ատրպէյճանին պաշտպանական փոխանցումներուն նկատմամբ խստացումներու եւ սահմանափակումներու կիրառումին, իսկ միւսը առաջարկուած է վերականգնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ԱՄՆ-ի կողմէն տրամադրուող ռազմական օգնութեան հաւասարութիւն: Սակայն վերը նշուած երկու ուղղումները չեն քննարկուած:
Երրորդ ուղղումը, որ ընդունուած է, փախստականներուն կը վերաբերի: