Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակը Չորեքշաբթի, 22 Յուլիսին, արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.-
Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը յարձակումներ իրականացուցած են հայ-ատրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ՝ կրակոցներու թիրախ դարձնելով հայկական բնակավայրերն ու խաղաղ բնակչութիւնը: Նոյն ժամերուն Թուրքիոյ նախագահն ու պաշտպանութեան նախարարը, հրահրելով ստեղծուած լարուածութիւնը, հրապարակաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան դէմ կատարած այս ոտնձգութեան առնչութեամբ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են նախայարձակ Ատրպէյճանին:

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնները անգամ մը եւս արհամարելով ՄԱԿ-ի սկզբունքներն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն ճիգերը՝ Արցախեան հարցի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ, կրկին բացայայտած են իրենց ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոր ծալքերը:
Թէեւ այս յարձակումները ձախողած են եւ ներկայ դրութեամբ յարաբերական անդորր կը տիրէ հայ-ատրպէյճանական սահմանը, սակայն փաստ է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեացութեան քաղաքականութեան վերջ չկայ եւ հայկական կողմը պէտք է միշտ զգօն ու պատրաստ ըլլայ թշնամիին իւրաքանչիւր անմարդկային գործողութեան նկատմամբ:
Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակի անունով խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի ռազմական սադրիչ գործողութիւնները եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ դերը նշուած լարուածութեան հրահրման ուղղութեամբ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան՝ որքան կարելի է շուտ պատասխանատուութեան ենթարկելու նախայարձակ պետութիւնը եւ անոր հովանաւորները՝ ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան դէմ կատարած հերթական ոտնձգութեան եւ տարծաշրջանի անապահովութիւն եւ անկայունութիւն ստեղծելուն, ինչպէս նաեւ համաճարակին դէմ համաշխարահային պայքարի այս ծանր ժամանակաշրջանին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէն ընդունուած առնւազն 90 օրով համաշխարահային զինադադար պահպանելու որոշումը անտեսելու համար:
Հայ ժողովուրդը միասնական է եւ չի հանդուրժեր Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող գործողութիւնները:

Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակ