«Երկիր».-Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 21 Յուլիսին հիւրընկալած է գերմանացի բուժաշխատողներու խումբը, որ Հայաստան կը գտնուին` օգնելու հայ գործընկերներուն համավարակի դէմ պայքարին եւ փոխանցելու իր փորձը:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ՀՀ առողջապահութեան նախարարի առաջին տեղակալ Անահիտ Աւանէսեան, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Հայաստանի ԳԴՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միխայէլ Պանցհաֆ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է բուժաշխատողներուն` իրենց առաքելութեան համար, նշելով, որ համավարակը համաշխարհային ողբերգութիւն է, զոր յաղթահարելու միայն մէկ ուղի կայ` համաշխարհային պայքար մղել համավարակին դէմ:
Նախագահ Սարգսեան բոլորը հրաւիրած է համավարակէն ետք ընտանիքներուն, ընկերներուն հետ այցելել Հայաստան:
Հայաստանի Գերմանիոյ դեսպան Միխայէլ Պանցհաֆ, շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալութեան համար, դիտել տուած է, որ Գերմանիան համավարակը համաշխարհային մարտահրաւէր կը համարէ, եւ իրենց խումբը հոս է` աջակցելու զայն յաղթահարելու ջանքերուն: Դեսպանին խօսքով` այս այցելութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ բժշկական ոլորտէն ներս երկարատեւ գործակցութեան հաստատման: