ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատեց պաշտպանութեան յատկացումներու օրինագիծով փոփոխութիւններու փաթեթը, որ կը ներառէ Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ատրպէյճանի ներքին տեղահանուածներուն կարգավիճակին մասին զեկոյց պահանջող կէտ: Զեկոյցը պէտք է պարունակէ նշուած երկիրներու քաղաքացիներուն ու սպանուածներուն թիւը, որոնք 1991 թուականէն ի վեր օտարերկրեայ ուժերու կողմէն այդ երկիրներու ապօրինի գրաւեալ տարածքներէն բռնի տեղահանուած են:

365news.am-ը այս կէտին, անոր ընդունման պարագային հնարաւոր հարցերու մասին զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանին հետ:
– Փորձագէտներու շրջանակ մը նշած է, որ սա հակառուսական բանաձեւ է: Համամի՞տ էք այս պնդումին:
– Երկիրները, որոնք յիշատակուած են այս բանաձեւին մէջ` Մոլտովա, Ուքրանիա, Վրաստան, արդէն կը յուշեն, որ հեղինակներուն նպատակը Ռուսիան խափանել է, Ատրպէյճանի անունը մէջը տեղաւորզծ են:
– Մեզի համար ին՞չ հարցեր կրնան յառաջացնել ներառուած կէտերը, եթէ անոնք ընդունուին:
– Այսպէս կոչուած այս բարեփոխումը խնդրայարոյց է, որովհետեւ խօսուած է միայն ներքին տեղահանուածներուն մասին: Չէ խօսուած ընդհանրապէս տեղահանուածներուն կամ փախստականներուն մասին: Պարզ է, որ շատ անարդար մօտեցում դրսեւորած են:
Բարեփոխումներն են միայն, որ որդեգրուած են, հիմա կը մնայ , որ բուն բանաձեւը կամ որոշումը ընդունուի, որ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ծախսերուն մասին է: Անոր կցուած մօտ 100 բարեփոխումներու փաթեթ է ներկայացուածը, որոնցմէ մէկն էլ աս է: Եթէ որդեգրուի, կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգնեուն եւ՛ Պետքարտուղարութիւնը, եւ՛ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը բաւական դժուար կացութեան առջեւ կը գտնուին:
Չի կրնար այսպէս ըսել, որ այս մէկը թաց է, սա չոր է, երբ որ պատերազմական վիճակ էր, եւ տեղահանութիւններ եղան, հակահայ սպանդներ եղան եւ՛ Սումկայիթի, եւ՛ Կիրովապատի մէջ, նախկին Գանձակի եւ՛ Պաքուի, եւ այլ բնակավայրերու, Արցախի մէջ: Արցախ ըսելով մենք նկատի չունինք միայն ԼՂԻՄ-ը, այլ պատմական Արցախը: Եւ ուրեմն, այդ բոլորը անտեսելով, փորձել զեկոյց ներկայացնել բաւական դժուար պիտի ըլլայ:
Իրենք կրցած են այս զեկոյցին մասին կէտը ընդհանուր փաթեթի մաս դարձնել ու անցնել, բայց ասոր գործադրութիւնը բաւական բարդ հարց է, որովհետեւ ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնն ու Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը այս հարցը չեն կրնար վակումի մէջ ներկայացնել, այլ պէտք է ներկայացնեն այն, ինչ եղած է:
Բնականաբար, այս ուղղութեամբ աշխատանք կայ, որ առնուազն այդ զեկոյցներու հարցերը ճիշդ ներկայացուած ըլլան: Բայց մինչեւ հոն հասնիլը կ’ուզեմ ընդգծել, որ սա բաւական վատ «բարեփոխում» է:

– Կարելի կը համարէ՞ք այս կէտի ընդունումը Քոնկրէսի, իսկ այնուհետեւ Ծերակուտականի կողմէն` նկատիի առնելով ԱՄՆ-Ռուսիա լարուած յարաբերութիւնները:
– Ներկայիս ամբողջ քաղաքականութիւնը փոխելու մասին չենք մտածեր, որ հակառուսական ըլլայ կամ չ ըլլայ: Ռուսիոյ տեսանկիւնէն շատ աւելի հակառուսական բանաձեւեր որդեգրած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինի այս կամ այն պալատը: Սա չէ հարցը` այս պարագային մեզի ալ մէջը մտցուցած են, սա է հարցը: Եւ երբ որ խօսուած է գրաւուած երկիրների մասին, այսինքն` օտար երկիրներու կողմէն գրաւուած, որ արդէն Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան այդ երկու նախարարութիւնները` Պետքարտուղարութիւնը եւ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը պէտք է, որ արդէն յստակ բնորոշում տան, թէ Արցախի մէջ ինչ իրավիճակ էր ու ինչպէս սկսաւ այդ ամբողջը եւ այլն: Կը մնայ բանաձեւի որդեգրուելու պարագային այդ զեկոյցներուն կամ զեկոյցին ուղղութեամբ աշխատանք տարուի:

– Այս կէտը Քոնկրէսին ու Ծերակուտականին կողմէ վաւերացուելու պարագային կրնա՞յ Ատրպէյճանի կողմէն օգտագործուիլ Արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն մէջ հայկական կողմին վրայ ճնշում գործադրելու համար:
– Այստեղ արդէն դիւանագիտական աշխատանք տանելու հարցը վեր կ’առնուի: Օրինակ` այս 100 բարեփոխումներուն մէջ է նաեւ Պետքարտուղարութեան կողմէն ներկայացուող զեկոյցը` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութեան օգտագործման արդիւնաւէտութեան մասին:
Ատրպէյճան կ’անտեսէ այդ մասը, կը խօսի միայն իրեն ձեռնտու կէտը: Պարզ է, որ իրենք պիտի փորձեն շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն տալ անոր, քան ինքը կրնայ ունենալ, կը մնայ, որ մենք ճիշդ հակադարձենք: Կարեւոր է նաեւ հետեւողական ըլլալ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութեան արդիւնաւէտութեան մասին զեկոյցին, թէ որքանո՞վ օգնել Ատրպէյճանին` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններ մղելու հմար: Այսինքն` ամէն ինչ կարելի է օգտագործել, շեշտադրումի եւ մշտական աշխատանքի հարց է։

Զրուցեց Հայկան Ալոյեան