Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան 20 Յուլիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ 19-20 Յուլիս լուսցող գիշերը սահմանային կացութիւնը համեմատաբար հանգիստ եղած է, զինադադարի դրութիւնը խախտուած է 70 անգամ:
Ան նշեց, որ հիմնականօրէն կիրարկուած են հրաձգային զէնքեր, ոչ մեծ տրամաչափի, իսկ Հայաստանի զինուած ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակին եւ պատրաստ են Հայաստանի ամբողջ սահմանագօտին պաշտպանելու որեւէ ոտնձգութենէ:
Արծրուն Յովհաննիսեան մանրամասնեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը գիշերը կրակոցներ արձակած են նաեւ Ճամբարակի ուղղութեամբ: «Տաւուշի ուղղութեամբ եղած են տարբեր գիւղերու ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու վրայ կրակոցներ՝ հիմնականին մէջ անկանոն, որոնց մեծ մասին Հայաստանի զինուած ուժերը պատասխան կրակ չեն բացած: Եղած են նաեւ կրակոցներ այլ մարզերու ուղղութեամբ, յատկապէս Ճամբարակի ուղղութեամբ», յայտնեց ան, աւելցնելով, որ Հայաստանի բանակայինները թշնամիի կրակոցներուն պատասխանած են թիրախային դիպուկ կրակով:
Ըստ անոր, հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումները, հակառակ ցաւալի կորուստներուն, աւելի ամրապնդած են հայկական կողմին ոգին, կամքը, վճռականութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումները ի՞նչ տուին Հայաստանին եւ ի՞նչ միջանկեալ հետեւութիւններ կարելի է ընել եղածէն՝ Յովհաննիսեան ըսաւ. «Նախ եւ առաջ մեր զինուած ուժերուն տուին փայլուն յաղթանակ: Ատիկա է ամէնէն կարեւորը: Բայց ընդհանուր առմամբ մեր համաժողովրդական համախմբման, մեր պետական եւ զինուորական կառավարման համակարգի աշխատանքի յղկուածութեան, կայացման, զարգացման առումներով մենք ունեցանք աճ, բարձրացում, եւ ատիկա, հակառակ ցաւալի կորուստներուն, հակառակ նիւթական որոշակի աւերածութիւններուն, մեր ոգին, մեր կամքը, մեր վճռականութիւնը աւելի ամրապնդեց»:
Ա. Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին սանձազերծուած գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած զինուորներուն վիճակը կը շարունակէ նոյնը մնալ: Անոնց մէջ կայ միայն մէկ զինուոր, որուն վիճակը շատ ծանր է: