Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները քաղաքական կարեւոր ձեռքբերում կը համարուին` տասը տարիներէ ի վեր ահաբեկչութեան եւ երկրի քայքայման ձգտող ուժերուն դէմ պայքարի բովին մէջ սուրիական պետութեան կայունութիւնը հաստատելու եւ Սուրիան ժողովուրդին հաւաքական ուժերով վերականգնումի առաջնորդելու իմաստով։
Հակառակ երկրի պատերազմական իրավիճակին, տնտեսական աննախադէպ շրջափակումին, պսակաձեւ ժահրի համաճարակին, քաղաքական արտաքին ճնշումներուն, Սուրիոյ խորհրդարանական այս ընտրութիւններուն նկատելի էր մասնակցող թեկնածուներու մեծ թիւը եւ ընտրութիւններուն Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ թեկնածուներուն միջեւ մրցակցութեան բարձր ոգին, ինչ որ կը նշանակէր, որ Սուրիան կը թեւակոխէ քաղաքական նոր փուլ մը եւ այդ փուլին երկրի վերականգնումին ներդրում բերելու ժողովրդային փափաքը մեծ է, հակառակ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգներուն։ Սա ինքնին ոգեւորիչ երեւոյթ է, որ Սուրիան կրնայ առաջնորդել յաղթանակի՝ մէկէ աւելի ճակատներու վրայ։
Սուրիահայութիւնը, որպէս անբաժան մասնիկը Սուրիոյ ժողովուրդին ընկերային հիւ-սուածքին, Սուրիոյ խորհրդարանի կազմութեան առաջին օրերէն ներկայութիւն եղած են օրէնսդրական իշխանութեան մէջ։
Հայ երեսփոխանները ոչ միայն հայութեան շահերը պաշտպանելու տրամաբանութեամբ գործած են յաջորդական խորհրդարաններուն մէջ, այլեւ մասնակցութիւն բերած են երկրի տնտեսական, քաղաքական, ընկերային կեանքի բարելաւումին եւ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման։
Սուրիահայ երեսփոխանները իրենց ներդրումը ունեցած են Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու ամրապնդման, արտաքին աշխարհին եւ յատկապէս հայկական սփիւռքին ճամբով միջազգային ընտանիքին հետ իրենց շփումներուն ընթացքին միշտ պաշտպանած են սուրիական պետութեան շահերը, Սուրիոյ ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապներուն լուծումներ որոնելու միջոցները առաւելագոյնս օգտագործելով նպաստած են Սուրիոյ դէմ ապատեղեկատուական արշաւներու դիմակազերծման՝ մերկացնելով բոլոր այն դաւադրութիւնները, որոնք կը հիւսուին այս երկրին դէմ եւ ջատագովը հանդիսանալով սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման։
Այս ընտրութիւններու նախօրէին, ողջունելի էր նաեւ նախընտրական աշխատանքներուն մեր երիտասարդներուն եւ միութիւններուն նուիրական, բծախնդրօրէն կազմակեր-պուած աշխատանքը՝ քարոզարշաւի, ժողովրդային հաւաքի, ընտրութիւններու լուսաբանման եւ ժողովուրդը, քաղաքացիի իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն իրազեկ դարձնելով, քուէարկութեան ուղղելու իմաստով։ Հայ երիտասարդներն ու միութենականները, բանակի մը վերածուած, օր ու գիշեր աշխատեցան՝ յանուն Սուրիական Հայրենիքին ու անոր պայծառացումին։ Ողջունելի էր հայ համայնքին միասնակամութիւնը։ Հալէպահայ կազմակերպութիւններ մէկ կողմ դրած իրենց տարակարծութիւնները, գիտակցեցան պահուն լրջութեան ու մէկ բռունցք դարձան, թէեւ  կրաւորական մօտեցում ցուցաբերողներ ալ եղան։
Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կազմեցին երեք հայ երեսփոխաններ, երեւոյթ մը, որ պատերազմին հետեւանքով նօսրացած մեր համայնքին համար ձեռքբերում կարելի է համարել։ Այս արդար յառաջխաղացքը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ՝ քանի մը գործօններու ազդեցութեան։
Յիշենք, որ սուրիահայութիւնը տագնապի առաջին օրերէն պետութեան շահերէն հանդէս եկողի դիրքին մէջ մնաց։ Աւելին, ան յստակօրէն բանաձեւեց իր մօտեցումը տագնապի լուծման նկատմամբ, ջատագովը հանդիսանալով Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդին միասնութեան ու տագնապի խաղաղ եւ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն իրաւունքները նկատի առնող լուծման։
Սուրիահայութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրէն ընդգծեց Թուրքիոյ բացասական դերը եւ Սուրիան ու անոր ընկերութիւնը քայքայելու, ինչպէս նաեւ ծաւալապաշտական ախորժակներ փայփայելու թրքական իշխանութիւններուն հեռանկարը։
Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները մնացին կուռ։ Հայաստանը եղաւ այն միակ երկիրը, որ երբեք չփակեց Սուրիոյ մէջ իր դիւանագիտական գրասենեակներուն դռները, երկրի ամէնէն տագնապալի օրերուն անգամ։ ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի մարդասիրական խումբը իր ծառայութիւնները ի սպաս դրաւ Սուրիոյ ժողովուրդին, ի տարբերութիւն այն երկիրներուն, որոնք զլացան մարդասիրական նուազագոյն օժանդակութիւնն անգամ։
Այսպէս ալ պիտի ըլլար, բնականաբար մեր կեցուածքը, որովհետեւ Սուրիան միշտ ալ հայ ժողովուրդին դիմաց լայն բացած է դռները եւ իր ժողովուրդին բոլոր բաղադրիչներով անվերապահօրէն աջակցութիւն ցուցաբերած է անոր Հայոց Ցեղասպանութեան դաժանագոյն օրերէն սկսեալ։
Ուստի սուրիահայուն ներդրումը Սուրիական Հայրենիքին ոչ միայն քաղաքացիական պարտաւորութիւն է, այլեւ նպատակ՝ Սուրիան տեսնելու բարգաւաճ, ժողովուրդը՝ համերաշխ եւ ինքնաբաւ, իսկ պետութիւնը ամրակուռ։
Այս բոլորը կը թելադրեն աշխատանք, նուիրում եւ ուժերու գերլարում։
Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս հայ երեք երեսփոխաններ ունենալը լոկ ձեռքբերում չէ, սա մարտահրաւէր է նաեւ՝ քաղաքական կեանքին մէջ գործուն դերակատարութիւն ունենալու եւ նպատակային աշխատանքով սատար կանգնելու Սուրիական Հայրենիքի բարգաւաճման եւ առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստող առաւելագոյն ճիգերու տրամադրման։
Կը հաւատանք, որ հայ երեք երեսփոխանները, որպէս սուրիացի յանձնառու քաղաքացիներ, նոր կորովով ու թափով կը լծուին աշխատանքի ու հայութեան մասնակցութիւնը Սուրիոյ ներքին եւ արտաքին կեանքի բարելաւման ազդեցիկ գործօնի կը վերածեն։
Կը շնորհաւորենք բոլոր երեսփոխանները, Սուրիոյ պետութիւնն ու երկրին նախագահը  եւ կը հաւատանք, որ միասնական ճիգերով, նոր ծրագիրներով խորհրդարանի երեսփոխանները երկրին եւ ժողովուրդին դէմ  ծառացած բազում դժուարութիւններուն յաղթահարման ուղիները կը սահմանեն ու անոնց լուծման ճամբայ կը հարթեն։
«Գ.»