Շաբաթ մը առաջ, 12 Յուլիսին, Հայաստանի հիւսիսարեւելան գօտիին՝ Տաւուշի սահմանին ուղղութեամբ ազերիական թափանցումի փորձը բարեբախտաբար չունեցաւ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին տարածքն ու հետեւանքները, թէեւ կարելի չէ անտեսել, որ վաղը-միւս օր նման փորձեր կրնան կրկնուիլ Տաւուշի դէմ կամ այլուր, նոյնինքն Արցախի դէմ: Ատրպէյճան չէ հրաժարած ռազմատենչ թմբկահարումը: Մենք ու մեզի պէս դիտողներ Պաքուի այս ու նման փորձերը կը նկատեն արկածախնդրական, վնասաբեր, սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ Ատրպէյճան կորսնցնելիք չունի, կրնայ բազմաթիւ ճակատումներէ վնասուած ու պարտեալ դուրս գալ, մինչդեռ մենք՝ հայկական կողմը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, յարատեւօրէն կը գտնուինք սարդարապատեան դիրքերու վրայ, ո՛չ զիջումի, ո՛չ նահանջի եւ ոչ ալ մեծ ու փոքր պարտութիւններու պատրաստ ենք: Այսօրուան մեր խրամատները մեր «նահանջի վերջին գիծերն» են, զանոնք կը պաշտպանենք անգին զոհերու գնով, իսկ մեր դիմաց ունինք նոր յառաջդիմութիւններու ընդարձակ դաշտեր:
2-3 օրուան վրայ երկարած ճակատումներուն արդիւնքը յստակ է: Մեր սահմանը պաշտպանող բանակը կանգնեցաւ ամուր, չնահանջեց, այլեւ աւելի եւս ամրացուց պաշտպանական դիրքերը: Սահմանային վտանգուած գօտիին բնակիչներն ալ ամուր ու անվախ կանգնած են իրենց բնակարաններուն մէջ, խուճապի չեն մատնուած եւ փախուստի մասին մտածող չկայ (գլխաւոր մտահոգութիւնը՝ մանուկներու անվտանգութեան ապահովումն է): Արձանագրուած նիւթական վնասներու դարմանումի աշխատանքը արդէն իսկ սկսած է, հոգ չէ թէ վտանգը չէ փարատած (ե՞րբ փարատած է որ…):
Այս բոլորը՝ սահմանին վրայ:
Ճակատ պահողն ու պաշտպանողը առանձին չէ, պէտք չէ առանձին թողուի: Նոյնքան կարեւոր է պահպանել եւ զօրացնել ԹԻԿՈՒՆՔը, զայն պահել յարատեւ զօրաշարժի մէջ:
Ճակատումներուն յաջորդած օրերուն, այս մասին ալ շատ խօսուեցաւ: Տարբեր ճակատներէ՝ իշխանական թէ ընդդիմադիր ներկայացուցիչներ, հոս ալ միաձայն էին, թէ՝ թիկունքը պէտք է պահել ամուր, թիկունքին ցուցաբերած ու ցուցաբերելիք զօրակցութիւնը ունի կենաց-մահու նշանակութիւն:
***
Ո՞ւր է սահմանը պաշտպանողին թիկունքը. որո՞նք են անոր բաղկացուցիչ տարրերը: Թուենք գոնէ քանի մը հիմնական դիրքերը:
Թիկունքին զօրակից են բոլոր անոնք՝ սկսելով ֆետայիներէն, որոնք մասնակից եղած են նախկին ճակատումներուն, պատերազմներուն, պատրաստ են փութալու ճակատի այն դիրքերը, որոնք որեւէ ատեն կրնան սպառնալիքի տակ իյնալ:
Թիկունքի տարածքին մաս կը կազմեն պետական բոլոր կառոյցներն ու ձեռքերը, սկսելով խորհրդարանական, դիւանագիտական, տնտեսա-ընկերային վարչամեքենաներէն մինչեւ քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ: Աւելորդ կը նկատենք այստեղ մտնել մանրամասնութեանց մէջ, արձանագրել ցանկեր, որոնք համապարփակ են:
Թիկունքին մաս կը կազմէ մանաւանդ Հայաստանի սահմաններէն անդին ապրող հայութիւնը, որ պատրաստ է նիւթական ու քարոզչական բոլոր միջոցներով իր աջակցութիւնը բերելու Հայաստանի արդար վարմունքին բարձրաձայնումին: Թիկունքի այս հիմնաքարը կարեւոր դեր ունի կատարելիք, Հայաստանի դիւանագիտութեան կողքին, ընդարձակելու դատապարտանքի այլ ալիքը, որ սկսած է բարձրանալ նախայարձակ եւ ռազմատենջ Ատըրպէյճանին դէմ, որ քաջալերանք եւ զօրակցութիւն կը ստանայ երէկի ու այսօրուան ցեղասպան Թուրքիայէն: Աւստրալիայէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկաներ՝ հայութիւնը շարժման մէջ է, հոգ չէ թէ ծանօթ պայմաններուն բերումով՝ սահմանափակ տարողութեամբ ցոյցերով, ընդդէմ թուրք-ազերիական սադրանքներուն բացայայտման ու դատապարտումին: Նման ցուցական միջոցառումներ անպայման որ իրենց անփոխարինելի զօրակցութիւնը կը բերեն պետական-դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքներուն: Սա նորութիւն չէ, սակայն կը կարօտի ընդարձակումի ու յարատեւումի:
***
…Գետնի վրայ ճակատումներէն վնասով դուրս եկած Ատրպէյճանը կը փորձէ եւ պիտի փորձէ Հայաստանի դէմ ճակատիլ այլ դաշտերու մէջ: Օրինակի համար, Հայաստանի լրատու աղբիւները շաբաթավերջին հաղորդեցին, որ ազերիական յստակ միջամտութեամբ մը, հայկական երկրագործական արտադրութեանց վաճառքը խափանուած է Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Նոյն աղբիւները հպարտութեանբ ցոյց տուին, որ հայ ազդեցիկ գործատէրեր ազդու միջամտութիւն կատարած են, կոտրելու համար «պաշարումը», իսկ մոսկուայաբնակ հայեր երկար շարք կազմած են՝ գնելու եւ սպառելու համար հայկական արտադրութիւնները: Ահա թէ ինչպիսի՛ «մանր քայլերով» կարելի է զօրակցիլ Հայաստանին, նեցուկ կանգնիլ սահմանը պաշտպանող զինուորին, տունն ու դաշտը-պարտէզը չլքող գիւղացիին:
Ատրպէյճանի դիմաց Հայաստանի ու Արցախի մեր սահմանները պաշտպանողներուն թիկունքը կը տարածուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն վրայ, հարաւէն մինչեւ հիւսիս, կ’անցնի մեր հանրապետութեան սահմաններէն անդին, կ’ընդգրկէ հայկական սփիւռքի բոլոր օճախները:
Թիկունքը երէկ տէրը եղաւ իր դիրքին ու դերին: Նոյնը պիտի ըլլայ այսօր ու վաղը, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, մէկ մեթր իսկ նահանջելու տեղ ու տրամադրութիւն չունինք, մինչդեռ ազերիէն ու թուրքէն ունին գանձելի բազմաթիւ պարտամուրհակներ:
Սարգիս Մահսերէճեան