Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Շաբաթ, 18 Յուլիս 2020-ին երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ միջնակարգի ամավերջի հանդէսը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, Ազգ. Վարչութեան, բարեսիրական, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները, Ճեմարանի Խնամակալութիւնը տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմը։
Հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։
Երգչախումբը հանդէսին բացումը կատարեց Սուրիոյ եւ ՀՀ զոյգ քայլերգներով։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւիկ Օգճեան, իսկ արաբերէն՝ Սէրլի Պետրոսեան։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 9-րդ կարգի երգչախումբը յաջորդաբար նեկայացուց փունջ մը հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն երգեր, գեղ. ղեկավարութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Երգչախումբին յաջորդեցին խմբային հայերէն եւ արաբերէն ասմունքները։
Արաբերէն ուղերձը ընթերցեց Արեգ Արոյեան։ Ան 9-րդ կարգի աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ ողջ տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան ու խնամքին համար։ Ապա շնորհաւորեց իր դասընկերներն ու դասընկերուհիները եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։
Հայերէն ուղերձը ընթերցեց Աննա Սաղպազարեան, որ յայտնեց. «Այս պայմաններուն լոյսին տակ, մեր նկարագիրն ու անհատականութիւնը կրկնակի կերտուեցաւ։ Մենք կրցանք զանոնք ամուր պահել նախ Աստուածային նախախնամութեամբ, ապա մեր ծնողներուն եւ մեր հարազատ դպրոցին շնորհիւ։ Կանգնելով աս բեմին վրայ կու գանք խոստանալ, որ պիտի ըլլանք ուսման, գիտութեան եւ ազգային բարձր իտէալներու ձգտող հաւատարիմ ճեմարանականներ՝ կամքի ուժով եւ հաւատքի զօրութեամբ»։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պետական տնօրէն Ապտ ալ համիտ Մասրի։ Ան շնորհակալութիւն յատնեց Հալէպի կրթական տնօրէնութեան, թեմիս առաջնորդին, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որոնց միասնական աշխատանքին շնորհիւ աշակերտները կը հասնին յաջողութեան։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան ընթերցեց ճեմարանի միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը՝ յայտնելով, որ Ճեմարանը իր յանձնառու հիմնադիրներուն եւ ներկայ անձնակազմին շնորհիւ կը մնայ լոյս եւ ապաւէն, որպէս Սփիւռքի կրթօճախ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ պաշտպանութեան համար։
Քիլէճեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Ազգ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդին, Ճեմարանի Խնամակալութեան, պետական տնօրէնին, ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, երգչախումբի ղեկավարին, խմբային ասմունքներու պատասխանատուներուն, Բերիոյ Թեմի «Դպրոց» հիմնադրամին, ԱՔԵ Ճեմարանի Քալիֆորնիոյ Ընկերակցութեան եւ անոր Հալէպի յանձնախումբին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբին, Օ. Պետրոսեան պարգեւին, ԱՔԵ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան, անհատ բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս Ճեմարանին կողքին մնացին։
Աւարտին ան իր խօսքը ուղղեց ճեմարանականներուն, յայտնելով, որ երեք տարուան ժրաջան աշխատանքի արդիւնքով այսօր հասած են միջնակարգ, ուստի յաջողութիւն մաղթեց անոնց նախքան պետական քննութիւններու արդիւնքներուն յայտարարումը։
Տնօրէնը ուժ, կորով եւ համբերութիւն մաղթեց երկրի վսեմաշուք նախագահին տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, որպէսզի ան Սուրիան առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն։
Պարգեւատրուեցան 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի 9-րդ կարգի պետական քննութեանց առաջնակարգ երեք հետեւեալ աշակերտները՝ Աբրահամ Աւընեան (առաջին), Սարին Շահինեան (երկրորդ) եւ Սէլա Պազարպաշեան (երրորդ)։
Աբրահամ Աւընեան ստացաւ նիւթական պարգեւ հանգ. Սիրվարդ Համամճեանի կտակին համաձայն։
Բեմ բարձրացան 2019-2020 տարեշրջանի 53 շրջանաւարտները՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ միջնակարգի իրենց վկայականը ստանալու, իսկ հայերէն լեզուի առաջնակարգ ուսանողները տնօրէնութեան կողմէ գովասանագիրներու արժանացան։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, որ ըսաւ. «Բոլորս մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման ենք՝ պայքարելու Սուրիական Հայրենիքին համար, մեր հայրենիքին ու Արցախին համար, պայքարելու մեր ազգային արժէքներուն համար։ Արտօնուած չէ թուլամորթ ըլլալը։ Հայ ժողովուրդը կոչուած է յաղթահարելու այս մարտահրաւէրը, իսկ դուք, սիրելի աշակերտներ, ձեր ուսումով պայքարեցաք ու յաղթեցիք։ Այսօր ուրախութիւն կ’ապրինք ի տէս այս հպարտառիթ պատկերին»։
Սրբազան Հայրը երեք միտքերով եզրափակեց իր խօսքը. «Աղօթել. եթէ չենք աղօթեր, կը ձախողինք մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ մեր ուժը եւ ապաւէնը Ամենակալն է։ Ուսումը եւ վկայականը քսանմէկերորդ դարուն ամենակարեւոր զէնքերն են։ Իսկ նպատակասլաց ըլլալը պայման է յաջողութեան հասնելու համար։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը նպատակ մը պէտք է ունենայ։ Ուրեմն աղօթեցէք, սորվեցէք եւ նպատակ ունեցէք ձեր կեանքին մէջ»։
Հանդէսը փակուեցաւ ճեմարանի քայլերգով, կատարողութեամբ երգչախումբին, ապա սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ճեմարանի պատմութեան մէջ աննախադէպ տարեշրջան մը եղաւ 2019-2020 տարին, երբ, հակառակ պսակաձեւ ժահրին ստեղծած բազում դժուարութիւններուն, աշակերտները կրցան յաղթահարել ամէն խոչընդոտ եւ բեմ բարձրանալով վկայուեցան Ճեմարանի պայծառ բեմահարթակին վրայ։
Ժիրայր Կարապետեան