1983-ի ամրան, հայոց պատմութեան հերոսական ընթացքը նոր թափ առաւ՝ հայ հողէն հեռու, հայ հողին ու հոգիին համար Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ մարտիրոսացած հայ հինգ երիտասարդներուն շնորհիւ։
Երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող ձայները լռած էին, միջազգային քարացած խիղճը հայու տառապանքին անտեղեակ կը ձեւանար, համատարած կեղծ անդորրութիւնը իրենց կեանքին գնով խանգարեցին մարտիկներն արդարութեան, որոնք եկան պահանջելու ազգային բռնաբարուած իրաւունքները եւ վերականգնելու ազգային խոցուած արժանապատուութիւնը։
Անոնց գործին միացան բազմաթիւ հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու սրտերը, մտքերն ու հոգիները, որոնք բոցավառած էին նոյն սրբազան վրէժի կրակով, միեւնոյն թշնամին հարուածելու պատրաստակամութեամբ։
Տարեցները անմասն չմնացին ստեղծուած ոգեւորութենէն։ Անոնք բազմամեայ իրենց փորձառութիւնը փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն, նոր ուժով եւ թափով յառաջ տանելու պահանջատիրութեան անիւը։
Մարգարէատիպ յեղափոխականներու կողմէն արձակուած ուժանակները խորտակեցին արուեստական սահմաններն ու ոճրագործին անձեռնմխելիութիւնը, նաեւ խորհրդաւոր պատգամով լեցուցին հայ աշխարհը եւ վերածուեցան պայքարի ու մաքառումի երգերու, որոնք սրտեր բոցավառեցին, մահու կենաց գուպարի մէջ նետելով սերունդներ։
Անդարձ զոհաբերութեան կրակով վառեցին իրենց սեփական կեանքերն ու լուասւորեցին մեր պայքարի ուղին, յանուն հայ հողի ազատագրութեան եւ հայ հոգիի ազգատիպ ծլարձակման,յանուն հայ ազգի վիշտերու ամոքումին, նահատակութեան պատմուճանը հագան ու մահուան նժարին վրայ դրին ազգի արդար պահանջքը։
Լիզպոնի հինգ մատաղներուն գործը, որպէս հոգեկան սնունդ կը բնութագրուի եւ նոր զոհաբերական թելադրանք կը պարունակէ իր մէջ։ Ան տակաւին գալիք սերունդներուն, վաղուան տեսլահար հերոսներուն, վրէժի կրակով այրող պայքարողներուն ներշնչումի աղբիւրը կը նկատուի։
Հայ ազգը իր ազատագրական պայքարին սիրոյն միշտ ալ արիւն թափած է, սերունդներ իրենց հնարաւորութիւնները խորաչափած են, գիտակցաբար գատած են փշոտ ճամբան եւ պայքարը երբեք կանգ չէ առած։ Պահանջատիրութեան ջահը արդէն փոխանցուած է յաջորդ սերունդներուն։
Այս իմաստով, մեր անցեալի փորձառութեան, ներկայի մարտահրաւէրներու դիմակայութեամբ կը նայինք եւ պէտք է որ նայինք մեր ապագային։

Ա՛յս է հայ ազգային դաւանանքին ապահով խարիսխը, մեր պայքարի հիմնաքարն ու էութիւնը։

Արամ Աւագեան