Դժբախտաբար չեմ յաջողիր յիշել նախակրթարանի  հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս: Ո՞վ, օրինակի համար, ինծի օգնեց կարդալու «Արագած»ի առաջին էջը, ապա երկրորդը, երրորդը…Շատ լաւ կը յիշեմ, որ այդ հրաշալի  դասագիրքին հեղինակը՝   Օննիկ Սարգիսեանը, ամէն առտու Աբգարեան կը հանդիպէր՝ բերելով իր երկու  անչափահաս զաւակները, որոնք մեր ընկերներն  էին, սակայն ինք՝ Սարգիսեան, կը մնա՞ր այնտեղ ու կը դասաւաանդէ՞ր, թէ  կը հեռանար,- չեմ  կրնար կողմնորոշուիլ.  կարծես աւելի հաւանական է վերջինը:
Կը յիշեմ այդ տարիները լեցնող ուրիշ անուններ եւս:
Սարգիս Շխրտըմեանը, որուն մտապատկերը ահա աչքերուս առջեւն է,  այնքան յստակ կը տեսնեմ զինք այս տողերը շարադրելու առթիւ: Սակայն ի՞նչ կը դասաւանդէր: Անոր հետեւողութեամբ՝ նաեւ մտապատկերը Ստեփան Օգնայեանին, որ նախորդին  քեռայրն  էր եւ  գեղագրութիւն կը դասաւանդէր: Ան գրպանին մէջ միշտ ունէր հաստ դերձան մը, որ կաւիճով կը թաթախէր, մէկ ծայրէն ինք կը բռնէր, միւս ծայրէն՝ մեր ամենաբարձրահասակը, կը լարէր, ապա թող կու տար  զայն,  եւ գրատախտակին վրայ, մեր հմայուած աչքերուն առջեւ,   անթերի կ’ուրուագծուէր հորիզոնական նուրբ գիծ մը, յետոյ երկրորդ մը, երրորդ մը: Այս գիծերուն  վրայ երկիւղածութեամբ կը գրէր  նախադասութիւն մը, որ մենք պարտէինք գեղագրել  մեր տետրակներուն մէջ՝ մետաղեայ գրչածայրով եւ հեղուկ մելանով:
 Շատ բարի, սակայն այս նոյն ուսուցիչը հայերէն լեզու կը դասաաւանդէ՞ր:
Կը յիշեմ տակաւին պայծառ ու պատկառելի կերպարը Յովհաննէս Թապաքեանին ալ, որ այնքան ձեռնհասութեամբ  Ընդհանուր ազգաց պատմութիւն կը դասաւանդէր, սակայն հայերէն ալ կը դասաւանդէ՞ր…
* * *
Միւս կողմէ՝ այնքան մանրամասն  կը յիշեմ հայոց պատմութեան ուսուցիչս՝ Արտաշէս Տէր Գէորգեանը: Օ՜, ամբողջ մշակոյթ մը, ամբողջ քաղաքակրթութիւն մըն էր այս մարդը, որ այսօր գրեթէ ոչ ոք կը յիշէ   կամ կը ճանչնայ:
Ես մեծագոյն երախտագիտւթեամբ կ’ոգեկոչեմ  զինք, վասնզի բախտաւոր եմ, որ իրեն պէս ուսուցիչ մը ունեցած եմ: Օրհնեալ ըլլայ  իր յիշատակը, եւ թող հանգիստ ննջեն անոր տառապած ոսկորնրեը: Ան լայնօրէն արժանի է այդքանին:
Պարոն Արտաշէսը հասուն, հաւանաբար 60-ը անց մարդ մըն էր, երբ ճանչցայ  կամ ունեցայ իբրեւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ՝ առաջին դասարանէն սկսեալ: Թող որ երբեք չեմ յիշեր այն ժամանակը, ուր ան իմ պատմութեան ուսուցիչս եղած չըլլայ, այնքան լեցուցած է ան իմ կեանքս եւ այնքան մշակած է իմ միտքս:
Միշտ ժպտուն, միշտ կոկիկ, սնդիկի  պէս յարաշարժ, ամէն տեղ էր ան, ուր պարտականութիւնը, իմա՝ աշակերտութեան կարիքները  կը կանչէին զինք:
Զարմանալի հմտութեամբ  ու պարզութեամբ  ան մեզի կը բացատրէր Հայոց  պատմութեան ամենաբարդ  ու մթին դրուագները, եւ այս՝ նախակրթարանի տարրական դասարաններէն սկսեալ:  Հետագային, երբ բարձրագոյն կարգերու, մինչեւ իսկ համալսարանի մէջ կը վերադառնայի այդ նոյն դէմէքերու ու դէպքերու սերտողութեան, զարմանքով կը նկատէի, որ այստեղ ինծի ջամբուած գիտութիւնը՝ ինչ-ինչ տիտղոսակիր, պսակաւոր ու անպսակ   դասախօսներու կողմէ, գրեթէ ոչինչ կ’աւելցնէր իմ գիտցածիս վրայ, այն գիտութեան, որ Պուրճ-Համմուտի մէկ աննշան նախակրթարանին մէջ անանուն ուսուցիչ մը աւանդած էր:
Այս վկայութիւնը կրնայ չափազանցութիւն ու հեքիաթ թուիլ այսօրուան պայմաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս  ոչ մէկ յերիւրանք կայ պատումիս մէջ ու ոչ մէկ չափազանցութիւն: Հակառակը շատ աւելի ճիշդ է:
Իր  այս շնորհքին կը զուգորդուէր Հայոց պատմութեան դասագիրքերու այն հոյակապ շարքն  ալ, որ մեր սերունդները ունէին իրենց ձեռքերուն մէջ եւ որոնց հեղինակը յաւէտ խնկելի Սիմոն Սիմոնեանն էր: Արեւմտահայ սփիւռքը իր տոկունութեան ու գոյատեւման մէջ  շատ բան պարտական է այդ դասագիրքերուն  եւ անոնց հեղինակին, որ իր վարքով ու բարքով, համոզումներով  ու  երազներով ինքնին կենդանի Հայոց պատմութիւն մըն էր, կենդանի Հայաստան մը:
* * *
Եւ ըսել, որ այս բոլորին ետին կանգնած էր  դժբախտ մարդ մը:
Այո, դժբախտ էր  մեր պատմութեան ուսուցիչը:
Ան բաժնուած էր իր կողակիցէն, որուն մասին կը պատմէին  շատ բաներ, որոնք անըմբռնելի էին մեզի,  եւ իր ուսերուն կը կրէր տխուր մենակեցութեան ամբողջ բեռը:
Իմ բնակարանս շատ մօտ էր դպրոցիս, եւ կէսօրին արձակուելէ  հազիւ քառորդ ժամ ետք վերադարձած կ’ըլլայի, որովհետեւ այստեղ կը գտնէի 50-է աւելի չքաւոր ընկերներ, որոնք կէսօրին տուն չէին երթար,  այլ կը սնանէին ԼՕԽ-ի տրամադրած «պնակ մը կերակուր»ով:
Եւ նման առիթներու յաճախ կը պատահէր, որ  պարոն Արտաշէս  զիս կանչէր, ինծի յանձնէր պղնձեայ ափաչափ ճմռթկուած  ու գոյնը նետած աման մը, վճարէր 15 դահեկան, այսինքն՝  հինգ սենթ, եւ ապսպրէր իր կէսօրուան  ճաշը.
-Սուրէն աղային ըսէ,  թող  հինգ ղուրուշի հաց տայ, տասը շուրուշի ալ՝ ռուփ:
Սուրէն աղան թաղին փռապանն էր, որ կարգ  մը նպարեղէն ալ կը ծախէր:
* * *
Այդ օրերէն մօտաւորապէս քսան տարի ետք էր:
Պէտք ունէի գրաբար Աստուածաշունչի մը, եւ առ այս դիմեցի Bible House, որ խորհրրդարանին  դիմաց կը գտնուէր. ասոնք  յղեցին զիս Մխիթարեան գրախանութ, որ կը գտնուէր  Ս.Պօղոս հիւանդանոցին տակ, Պուրճ-Համմուտի քաղաքապետարանին մօտ:  Հերթապահ վարդապետը ըսաւ, որ չունի ուզածս եւ յանձնարարեց դիմել պարոն Արտաշէսին, որ` «ճիշդ դիմացի թաղը կը բնակէր, չորրորդ տունը»:
-Ո՞ր Արտաշէսին,- հարցուցի՝  տարտամօրէն յիշելով, որ իմ պատմութեան ուսուցիչս գիրքերու առուծախով ալ կը զբաղէր, մանաւանդ ամառները՝ «երկու ծայրերը իրարու բերելու համար», երբ թոշակ չէին գանձեր այլեւս:
-Տէր Գէորգեան կը կոչուի, – ճշդեց  վարդապետը:
Գացի ու գտայ տունը…եթէ կարելի է տուն կոչել  գտածս:
Մութ խուց մըն էր ան, քանի մը մեթր տարածութեամբ, որուն մէջտեղը կիսամերկ կանգնած էր  ան եւ կը փորձէր կապել  ինչ-որ  վէրք մը, որուն չէր հասներ  ձեռքը: Զիս տեսնելով՝ «հա՛, տղա՛ս, լա՛ւ եկար,- ըսաւ, կարծես քիչ առաջ բաժնուած ըլլայի իրմէ  ու կը սպասէր,  եւ  տուաւ վիրակապը,- քու ձեռքդ դիւրին կը հասնի»:
Ա՛լ ծերացած էր, եւ անցնող 20 տարիները անոր կերպարին վրայ դրոշմած էին  իրենց  անդառնալի հետքերը: Բայց եւ այնպէս   յստակ ու պայծառ կը յիշէր զիս՝ առանց անակնկալի որեւէ բառի ու շարժումի:
Պարզեցի գալուստիս  նպատակը:
Ցաւ յայտնեց, որ չունի ուզած գիրքս:
Պահ մը մտածեցի  քիչ մը աւելի մնալ, բայց ո՞ւր մնայի, նստելու յարմար տեղ մըն ալ  չէի տեսներ, եւ զրուցել հետը, բայց չէի գիտեր նաեւ՝  ի՛նչ ըսել ու ի՛նչ հարցնել, այնքան շուարած ու ընկճուած էի:
Այնպէս ալ ապիկար ու գլխահակ հեռացայ եւ անկէ ետք ա՛լ չտեսայ զինք:
Արմենակ Եղիայեան