“Ասպարէզ”._Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքը հուժկու հանրահաւաք կատարեց Լոս Անճըլըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան առջեւ՝ բողոքի ձայն բարձրացնելով Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծին` Տաւուշի մէջ հայկական ռազմական եւ քաղաքացիական թիրախով 12 Յուլիսին սկսած ու շարունակուող Ատրպէյճանի յարձակումներուն դէմ:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցին մօտաւորապէզ երեք հազար մասնակիցներ մէկ ձայն դարձած դատապարտեցին ատրպէյճանական յարձակումները ու հայոց բանակին ու հայ զինուորին անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեցին :

Հանրահաւաքին ներկայացած էր նաեւ ատրպէյճանցիներու երեսունէն քառասուն հոգինոց խումբ մը, որոնք փորձեցին սադրիչ գործողութիւններով շեղել հաւաքի խաղաղ ընթացքը, սակայն ոստիկանները յաջողեցան կարգուկանոն հաստատել եւ ցոյցը շարունակուեց Ուիլշիր պողոտայի երկու կողմերը: Դիմացի փողոցէն պարբերաբար հնչող ատրպէյճանցիներու կոչերուն՝ հայ երիտասարդները կը պատասխանէին հայրենասիրական երգով ու աւանդական ռազմապարերով:

Հանրահաւաքին պաշտօնապէս հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան՝ նշելով, որ «Երբ չի մնում ելք ու ճար՝ խենթերն են գտնում հնար»՝ ինչպէս տեղի ունեցաւ 1918թ.ին Սարդարապատի հերոսամարտին, երեսուն տարի առաջ Արցախի մէջ: «Մեր գլխաւոր ուղերձն է, որ մենք միասնական ենք, եւ պատրաստ ենք պայքարելու մեր հայրենիքին համար միասին: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ունենք մեր առաջին բանակը, որ անառիկ կը պահէ մեր հայրենիքի սահմանները, եւ մենք ունինք նաեւ երկրորդ բանակ, որ դուք էք, ու մենք չենք ընկրկիր»: Այնուհետեւ բոցաշունչ ելոյթներ ունեցան ՀԵԴ անդամներ Միրան Քասամանեանն ու Ալիք Չերչեան՝ հայերէնով ու անգլերէնով ներկայացնելով հայ երիտասարդներուն ուղերձը ատրպէյճանա-թրքական յարձակող ուժերուն: «Այսօր իբրեւ Լոս

Անճըլըսի հայ համայնք համախմբուած ենք հոս՝ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան դիմաց, մեր ըմբոստ ձայները բարձրացնելու ազերի ոսոխի անմարդկային արարքներուն դէմ, որ սկսան 12 Յուլիս 2020_ին, երբ ոչ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ աշխարհը համավարակի կռուադաշտին մէջ էր: Տաւուշի սահմանէն Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական յարձակման գործին մէջ ակնյայտ էր Թուրքիոյ պետութեան միջամտութիւնը, Թուրքիոյ, որ տարիներ ի վեր կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու կը շարունակէ ցեղսապան գործողութիւնները ընդդէմ Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայ ժողովուրդի: Այս անգամ թշնամիի թիրախն էր հայկական հողին վրայ արարող խաղաղասէր հայ ժողովուրդը՝ ազերի ոճրագործ գնդակի թիրախն էր հայ ժողովուրդի անօգնական խաւը՝ մանուկ, կին եւ ծեր: Այս անօրինական յարձակումներէն Հայաստան ունեցաւ մարդկային, բարոյական եւ նիւթական կորուստներ, սակայն պայքարեցաւ ամուր, անկոտրելի ու վեհ կամքով: Յաղթանակած հայկական հզօր բանակը ոչ միայն դիմագրաւեց ոսոխին, այլեւ դարձաւ աւելի հայրենապաշտ, աւելի դիւցազնական ու աւելի ամրակուռ ու յաղթանակի վսեմ դափնիներով նուաճեց նորանոր բարձունքներ: Աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու այդ հայութեան մէկ մասնիկը՝ մենք ԱՄՆ արեւմտեան համայնքը, մէկ բռունցք դարձած, անգամ մը եւս զօրավիգ ենք մեր անպարտ հայոց բանակին մէջ ծառայող ու սահմանապահ խրոխտ զինուորներուն: Այսօր, հայրենիքէն ֆիզիքապէս հեռու, սակայն հայրենիքի սրտի տրոփիւնով շնչող սփիւռքահայութիւնը՝ մենք հաւաքուած ենք մեր զօրակցական խօսքով, կոչով, երգով ու պարով հայոց սահմանապահ զինուորներուն զօրավիգ կանգնելու համար: Կը փառաբանենք անոնց՝ հայոց բանակի բոլոր զինուորներուն, որոնք թշնամիի հարուածէն կը պաշտպանեն հայրենի հողը, եկեղեցին, դպրոցը եւ ազգային բոլոր արժէքները», իր խօսքին մէջ նշեց Քասամանեան: Անոր խօսքին հետեւեցան ազգային հայրենասիրական երգն ու շուրջպարը:
Հայ համայնքին իրենց աջակցութիւնը եկած էին յայտնելու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօն, ազգային թէ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ հոգեւոր սպասաւորներ. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն Երեմիա քահանայ Խաչատրեան յայտնեց, որ հայ հոգեւորականի պարտքն է ժողովուրդի կողքին ըլլալն է. «Սփիւռքի մէջ նման պայքարը հոգեւոր գօտեպնդում է եւ օգնութիւն մեր ժողովուրդին, սահմանին կանգնած մեր զինուորին համար սա օրհնութիւն է հեռուէն»:

Խաղաղ հաւաքի ողջ ընթացքին, ատրպէյճանցիներու խումբը, դիմացի փողոցէն, կը փորձէր սադրել հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Հեռանալու ժամանակ անոնք քարեր ու ջուրով շիշեր սկսան նետել հայկական կողմի ուղղութեամբ, եւ չբաւարարուելով այդքանով, ատրպէյճանցիներէն մէկը հարուածեց մէյ երիտասարդ հայուհիի: Անոնց այս քայլը բորբոքեց լարուածութիւնը, եւ հայ ու ատրպէյճանցի ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցան թեթեւ բախումներ: Ոստիկանական ուժերու միջամտութեան պարագային, ատրպէյճանցիներու խումբը յաջողեցաւ փախիլ, հայերն ալ որպէս աւար վերցնելով անոնց երկրի դրօշը՝ այրեցին Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ: