Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ին երեկոյեան ժամը 7։30֊ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Երկրորդականի շրջանաւարտ հունձքի ամավերջի հանդէսը։
Հունձքը կոչուեցաւ «Յ․Թումանեան» սերունդ։ Հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը նուիրուած էր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին գործին, գրական վաստակին ու կեանքին։
Հանդէսին ընթացքիոն Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան տնօրէնութեան խօսքէն ետք ներկայացուց ճեմարանի միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը։
Պարգեւատրուեցան 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի 12-րդ կարգի պետական քննութեանց առաջնակարգ աշակերտներն ու հայերէնագիտութեան մէջ բարձր գնահատանիշեր ապահոված այս տարուան շրջանաւարտները։
Ճեմարանի տնօրէնին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի օգնական Հոգշ․ Տէր Մանուկ Աբղ․ Պարիխանեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում։ Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը իր եզրափակիչ պատգամը ուղղեց։
Ճեմարանէն շրջանաւարտ դարձան 39 խոստմնալից երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք հրաժեշտ տալով իրենց դպրոցին, խոստացան բարձրագոյն ուսման հետեւելով մէկտեղ ծառայել իրենց վարժարանին՝ մաս կազմելով Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Յուլիս Դ․ համարով։