«Բարձունքը մերն է՝
Տղերքը չկան
Տղերքն աւելի,
Բարձրում մնացին…»
Կիրակի, 26 Յուլիս 2020-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն։
Յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, որ անդրադարձաւ նահատակութեան վեհ գաղափարին եւ նահատակներուն հանդէպ յարգանքի եւ երախտագիտութեան պարտաւորութեան, ըսելով. «Մենք կը խոնարհինք վասն ազգին ու հայրենիքին նահատակուած հերոսներու անմար յիշատակին դիմաց»։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Լիզպոնի տղաքը եւ Արցախի ու Հայաստանի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսները մեր սրտերուն մէջ կը մնան յաւիտեան, անոնց անունները դրոշմուած են մեր յիշողութեան մէջ։ Խունկ ու մոմ կը վառենք նահատակներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ կ’աղօթենք մեր հերոս զինուորներուն համար, որոնք սահմանը կանգնած մեր նուիրեալ հողերը կը պաշտպանեն։ Անոնց կը մաղթենք անփորձանք ու անվտանգ ծառայութիւն եւ յաղթական վերադարձ»։
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յանուն սրբազան պայքարի նահատակ հերոսներուն։