ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ ՏէրԽաչատուրեան հարցազրոյց տուած է Հանրային պատկերասփիւռի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարին:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է 12 Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածի իրավիճակի սրումին եւ այդ առնչութեամբ ՀՅԴ սփիւռքեան կառոյցներուն եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն ձեռնարկած քայլերուն:
-Տաւուշեան դէպքերէն ետք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, բնականաբար, ձեռնարկեց անմիջական աշխատանքներ, առաջին կարգին քարոզչական մարզէն ներս: Մեր գրասենեակներն ու յանձնախումբերը անցան յարձակումի` դիմագրաւելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայ քարոզչական արշաւը, ինչպէս նաեւ իրականութիւնը ներկայացնելու եւ օժանդակելու Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութեան», նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: