«Ասպարէզ»․- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնին վրայ ատրպէյճանական յարձակումէն ետք, շրջանի քաղաքական գործիչները եւ Հայ Դատի Յանձնախումբը դատապարտումի եւ զօրակցական շարք մը յայտարարութիւններ կատարեցին։

«Իւրաքանչիւրս պարտականութիւն ունինք ատելութեան դէմ կանգնելու, ուր որ ալ անիկա իր գլուխը ցցէ։ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանը կը հանդիսանայ Սան Ֆրանսիսքոյի ընտանիքին մէկ մասնիկը։ Համայնքային եւ կրթական կեդրոնի մը վրայ այս տգեղ եւ ատելավառ յարձակումը դատապարտելի է», յայտարարեց Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի։
«Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանին եւ Հայ կեդրոնին վրայ յարձակումը պէտք է հետապնդուի իբրեւ ատելութեան ոճիր։ Վարժարանին աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողքներուն կողքին եմ եւ յարձակումին պատասխանատուները պէտք է պատժել», իր կարգին ըսաւ հայազգի քոնկրեսական Ճեքի Սփիր։
Դատապարտումի խօսքեր արտասանուեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Սքաթ Ուինըրի, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի նախագահ Նորմընի կողմէ, իսկ շրջանային դատախազ Չեսա Պուտին յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը իբրեւ ատելութեան ոճիր կը հետաքննէ այս յարձակումը։

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամրիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի Յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեցին ատելութեան այս արարքը՝ յիշեցնելով, որ ռազմաճակատին վրայ Ատրպէյճանի կրած պարտութենէն ետք հայերու վրայ յարձակումներ կատարուեցան նաեւ Լոս Անճելըսի, Գերմանիոյ, Ուքրանիոյ, Մոսկուայի եւ այլ վայրերու մէջ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հովանաւորութեամբ։ Անոնք նաեւ պահանջեցին, որ յանցագործները ձերբակալուին եւ դատուին օրէնքի խստագոյն տնօրինումներուն համաձայն:
Շարք մը լրատու գործակալութիւններ եւս անդրադարձան յարձակումին, իսկ վարժարանին համալիրին մէջ համայնքը զօրակցական հաւաք մը կազմակերպեց շաբաթավերջին։
Վարժարանը նորոգելու նպատակով, համացանցային դրամահաւքին մասնակցելու համար այցելել www.gofundme.com/f/kzv-vandalism-repair-fund կայքէջը։