«Արմէնփրէս».- Պրահայի արքեպիսկոպոս քարտինալ Տոմինիկ Տուքան դիմատետրի իր էջով գրառում կատարած է, որուն կից հրապարակած է ՀՀ դեսպանութեան կողմէն տրամադրուած հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ ատրպէյճանա-թրքական արձագանքներուն մասին ամփոփ տեղեկատուութեան` վերջինիս գրասենեակի կողմէն չեխերէն թարգմանուած տարբերակը:
Պրահայի արքեպիսկոպոս քարտինալ Տոմինիկ Տուքան կատարած է հետեւեալ գրառումը․
«Կը հրապարակեմ Պրահայի ՀՀ դեսպանութենէն ստացուած նիւթը, որ ցոյց կու տայ, անգամ մը եւս թէ ինչ վտանգաւոր դրութեան մէջ յայտնուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեզ ցաւօք արդէն յայտնի է Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափների պատմութենէն:
Բացի այդ, Սուրբ Սոֆիայի տաճարի` քրիստոնէական խճանկարին եւ Պոլսոյ պատրիարքի նստավայրի մզկիթի վերածումը եւ անոր առնչուող բոլոր քաղաքական իրադարձութիւնները ինծի նոյնպէս մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն: Կը խնդրեմ բոլոր հաւատացեալներէն չմոռնան աղօթելու հայ ժողովուրդի խաղաղութեան եւ ազատութեան համար»: