«Մենք անգլերէնով եւ հայերէնով յայտարարեցինք խաղաղութիւն հաստատելու մեր կամքը, գալու եւ ըսելու, որ բացասական վիճակ չէ, ատրպէյճանական արարքին` վերջ», ըսաւ ան:

Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նշան քահանայ Ալաւերդեան ըսաւ, որ սկիզբը կոչերն ու վանկարկումները աւելի շատ մէկը միւսի համար էր` մէկ կողմէն ատրպէյճանցիները կը գոչէին իրենց յայտարարութիւնները` «Ղարաբաղը Ատրպէյճանինն է», »Մենք կը պաշտպանենք մեր հողը», «Հայաստան նախայարձակ է, ահա զոհերը», միւս կողմէն հայերը կը վանկարկէին` «Հայաստանը խաղաղութիւն կ’ուցէ, Ատրպէյճան` պատերազմ», «Արցախ», «Հայաստան» եւ այլն:

BBC-էն ներկայացուցիչ չեկաւ` ցոյցի ուղերձին ծանօթանալու համար, բայց, Տէր Նշան ըսաւ` հայկական կողմը նամակ պատրաստած է, որ պէտք է յանձնուի BBC-ի գրասենեակ` հայկական կողմի կարծիքը ներկայացնելու համար․ ,այսինքն, եթէ նոյնիսկ մէկը չգայ , մեր խօսքը իրենց կը հասցնենք նամակով»:
Որովհետեւ ցոյցը BBC լրատուական ծառայութեան գրասենեակին դիմաց է, նպատակն է մեր ժողովուրդին կարծիքը հասանելի դարձնել ոչ միայն հոս ցոյց ընող ատրպէյճանցիներուն, այլեւ երրորդ կողմին:
BBC-ի լոնտոնեան կեդրոնակայանին առջեւ հանրահաւաք կազմակերպած էր ատրպէյճանական համայնքը: Մեծ Բրիտանիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ` հաւաքուեցան նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Ցոյց կազմակերպելու հիմնական ազդակը տրուած էր Մեծ Բրիտանիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակէն, բայց երբ արդէն լուրը տարածուեցաւ, հետեւեցաւ նաեւ ՀԱԵ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ Սրբազան Մանուկեանի օրհնութիւնը, Համայնքային խորհուրդին հաւանութիւնը եւ համայնքի ամբողջ ներուժը, որ համահայկական ձայնը բարձրանայ:
Հայկական կողմի ցոյցը սկսաւ «Հայր Մեր» տէրունական աղօթքով ու խաղաղութեան մաղթանքներով, հայկական ազգային պարերով: Ատրպէյճանական կողմը եկած էր Տաւուշի սահմանին ատրպէյճանցի կորուստներուն լուսանկարներով: »Հայաստանը խաղաղութիւն կ’ուզէ, Ատրպէյճան` պատերազմ» վանկարկումներով ցոյցի հայ մասնակիցները կը փորձէին BBC-ի համար ընկալելի դարձնել, որ Հայաստանը նախայարձակ երկիր չէ եւ անոր իմաստը չկայ:
Տէր Նշանի խօսքով, ցոյցի ամբողջ տրամաբանութիւնն էր` ցոյց տալ, որ նոյնիսկ պատերազմական իրավիճակներուն մէջ Հայաստանը խաղաղութիւն կ’ուզէ, բայց պատրաստակամ է նաեւ պաշտպանելու իր հողը, պաշտպանելու իր սրբութիւնները:
Հայկական ու ատրպէյճանական համայնքները բաժնող փողոցը բաւական լայն էր` սադրանքներէն խուսափելու համար, բացի այդ, այս անգամ ոստիկանական ուժերը աւելի մեծաթիւ էին:
Այդուհանդերձ, ցոյցի աւարտին մօտ ոստիկանները, թոյլ տուին, որ ատրպէճանցիները երթով մօտենան հայերուն եւ հայհոյանքներ տեղան: Հայկական կողմը կը փորձէր հեռու մնալ սադրանքէն, բայց անոնք սկսան հայկական դրօշները յափշտակել եւ իրավիճակը պահ մը դուրս եկաւ վերահսկողութենէն ու բախում եղաւ: Կարճ քաշքշուքէն ետք ատրպէյճանցիները հեռացան ու ցրուեցան: Ապա տարածքը ազատեցին նաեւ հայերը:
Միջազգային լրատուամիջոցի` BBC-ի առջեւ ցոյց ընելու` ատրպէյճանական համայնքի նախաձեռնութեան լռութեամբ պատասխանելը հայ համայնքի կողմէն յանցաւոր անգործութիւն կ’ըլլար․ որեւէ ձեւով հակազդել պէտք էր` նաեւ հայկական կողմի դիրքորոշումը տեղ հասցնելու եւ տեղեկութիւնը միակողմանի թոյլ չտալու նպատակով: ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակը ընտրեց խաղաղ ցոյցի տարբերակը, որ քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ ընդունուած միջոց է:
Ներհայաստանեան որոշ շրջանակներու կեղծ խաղաղասիրական յայտարարութիւնները, թէ աշխարհով մէկ ծայր առած ցոյցերը, որոնք երբեմն ծեծկռտուքի կը վերածուին, կրնան հայերուն ոչ քաղաքակիրթ ազգի համբաւ հաղորդել միջազգային հանրութեան աչքին, Տէր Նշան քահանայի տեսանկիւնէն` հայ համայնքի նկատմամբ սադրանք են:
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, ուր մահմետական տարրը աշխուժ է, հայ հոգեւոր հայրերը աւելի հարց ունին ոչ թէ այդ գործօնին հետ, այլեւ համայնքի աշխարհիկ ըլլալու իմաստով:
Հայ քրիստոնեան, եթէ ուզէ Լոնտոնի մէջ ապրիլ իր քրիստոնէական կեանքը, ոչ մէկ արգելք, ոչ մէկ վախ կայ «Մենք հոս կրնանք խաչով եւ զգեստով պտտիլ փողոցին մէջ եւ ոչ մէկը մեզ որեւէ բան չ’ըսեր»:
Սակայն ատրպէյճանցիները ժամանակին փորձեցին եւ հիմա ալ կը փորձեն կրօնական շերտ հաղորդել հայ-ատրպէյճանական հարցին, որպէսզի օտար երկիրներու իրենց հաւատակիցներոն ներկայացնեն որպէս կրօնական պատերազմ եւ անոնք երթան ճիհատի հողին վրայ հայերու դէմ պատերազմելու:

Աննա Բալեան