Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Մասիս Սրբ․ Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 23, Շաբաթ, 25 եւ Կիրակի, 26 Յուլիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ «Աշուղական Երեկոյ»ն, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժշկ. Ռաֆֆի Ապէճեանի:
Հալէպահայ հանդիսատեսը ծարաւ էր այսպիսի համերգի մը՝ պասկաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած պայմաններուն լոյսին տակ երկար ատենէ ի վեր զրկուած ըլլալով հանրային մշակութային ձեռնարկէ:
Հայերէն բացման խօսքով Ժէնի Նաճարեան ըսաւ․ «Այս տարի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղը կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: Ամբողջ 90 տարի անդուլ աշխատող, հայ մշակոյթի պահպանումը  իր գործունէութեան հիմնական առանցքը նկատող «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղը դէպի 100-ամեակ իր երթին մէջ կը մնայ յանձնառու, եւ պատասխանատու աշխատանքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը»:

Արաբերէն բացման խօսքով Սէրլի Ապաճեան  ըսաւ․ «Այսօրուան  համերգը  անգամ մը եւս կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ մենք՝ երիտասարդներս, կը շարունակենք հետեւիլ մեր նախնիներուն բացած ճամբուն եւ պահպանել այն հսկայ ժառանգութիւնը, որ դրուած է մեր ուսերուն»:

Համերգին կը մասնակցէին 17 նուագողներ, 5 երգիչներ՝ Լիւսի Յովհաննէսեան, Մարինէ Մարգարեան, Կասիա Պաղտիկեան, Խաչիկ Աշճեան, բժշկ. Պերճ Գասապեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թերզեանի:

Համերգը կ’ընդգրկէր Սայաթ Նովայի, Աշուղ Ջիւանիի եւ Գուսան Շերամի գլուխ գործոցները, ինչպէս՝ «Թամամ Աշխարհ», «Ձէնդ Քաղցր Ունիս», «Ախ Իմ Հայրենիքիս Ջուրը», «Նա Մի Նազ Ունի» եւ «Շորորա»:
Բեմահարթակի աշուղական արուեստի յարիր յարդարանքը, հայկական երաժշտական գործիքները, երգող-նուագողներուն հայկական շքեղ տարազները գուսանական աշխարհի գունեղ պատկեր մը ստեղծած էին։

Համերգը սկսաւ  «Գողթան» երաժշտութեամբ, ապա «Աշուղ է Եկել» խմբերգով:
Օրուան բեմավարներ՝ Ժէնի Նաճարեան, Մեղրիկ Մուշոյեան եւ Սէրլի Ապաճեան, մերթ ընդ մերթ ներկայացուցին աշուղներու կենսագրական տուեալները, անոնց գործերն ու խօսքերը:
Ուրախալի փաստ էր, որ երգիչներուն ու նուագողներուն  մեծամասնութիւնը Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Երաժշտական Յանձնախումբի անդամներն էին՝  երիտասարդ, տաղանդաւոր համազգայնականներու ընտրանի մը կազմած:
Համերգի վերջին երգն էր Աշուղ Ջիւանիի «Խելքի Աշեցէք» կատակերգը, որմէ համար մը երգելով հանդէս եկան քանի մը երգողներ՝  բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանը, բժիշկ Պերճ Գասապեանը, Յակոբ Ուրիշիկեանը, Միհրան Աշակերտեանը, Խաչիկ Աշճեանը, Ճորճ Պէրպէրեանը եւ Ժագ Պօզեաքալեանը՝ ուրախ տրամադրութեամբ  լրումին հասցնելով աշուղական համերգը:

Յայտագիրին երգերն ու երաժշտական մշակումները կատարողական նկատառելի որակի մը արգասիքն էին։ Սայեաթ Նովայի «Մեճլիս»ին բեմականացումը ջերմ երանգ մը տուած էր համերգին։ «Մեճլիս»ին մաս կազմող երգողները մերթ ուրախութեան բացագանչութիւններով, մերթ երգերուն մաս կազմելով հանդիսատեսին ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած պահեցին ողջ համերգին ընթացքին։

Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը ե՛ւ ժողովրդական, ե՛ւ արդիական պարերով հարստացուց համերգը։ Մէկ խօսքով՝ մեր տղաքն ու աղջիկները ամբողջական «Մեճլիս»ի մը բոլոր տուեալները ստեղծած էին։
Վարչութեան խօսքը արտասանեց Հ․-ի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետուհի  Ռոզէթ Ապաճեան։ Ան դիմելով համերգին մասնակցող երիտասարդներուն ըսաւ․  «Հալէպը եղած է Մայր գաղութ եւ պիտի գոյատեւէ որպէս Մայր գաղութ, այնքան ատեն որ ունի ձեզի նման մշակութասէր սերունդ»:

Ապա համերգի գեղ․ ղեկավար բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեան գնահատուեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան կողմէ՝  իր տարած բծախնդիր աշխատանքին համար: Պարգեւը յանձնեց Համազգայինի Շրջ․ Վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեանը, իսկ համերգին վերջին օրը  մասնակից երաժիշտներն ու մեներգողները գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ։ Գնահատագիրները յանձնեց Համազգայինի Շրջ․ Վարչութեան անդամ Շանթ Ուրիշիկեան։
Աւարտին սրբազան հօր կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Հոգեշնորհ Հայր Մանուկ Աբեղայ Պարիխանեան, որ ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ․ «Հայ մշակոյթի ոգին կը սերմանուի Համազգայինի մէջ, ուստի ձեր զաւակները անդամագրեցէք Համազգայինին, որպէսզի իրենց մէջ սերմանուի հայ մշակոյթին  սէրը, հայապահպանման ոգին ու անոնցմով հարստանայ մեր երիտասարդ սերունդներուն ներաշխարհը»:

Համերգը վերջ գտաւ հանդիսատեսներուն յոտնկայս ծափահարութեամբ եւ հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով:

Վեհան Պարսումեան