«Ազդակ».-28 Յուլիսին, ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ, Մարսէյի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Մարսէյի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ատրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ կատարուող ատրպէյճանական սադրանքներուն:
Ցոյցին մասնակից մը «Ազդակ»-ին հաղորդեց, որ ներկայ էին մօտ 250 հայեր, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայր, երիտասարդներ եւ տարեցներ անխտիր, որոնք եկած էին մերժելու ազերիական եւ թրքական յարձակողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայկական զոյգ բանակներուն:
28 ուՅլիսին, ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Մարսէյի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Մարսէյի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց` ընդդէմ հայ-ազրպէյճանական հիւսիսարեւելեան սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ կատարուող ատրպէյճանական սադրանքներուն:
Ցոյցին մասնակից մը «Ազդակ»-ին հաղորդեց, որ ներկայ էին մօտ 250 հայեր, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, քահանայ հայր, երիտասարդներ եւ տարեցներ անխտիր, որոնք եկած էին մերժելու ազերիական եւ թրքական յարձակողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայկական զոյգ բանակներուն:
Խօսք առին Մուրատ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան, ինչպէս նաեւ «Նոր Սերունդ»-ի ներկայացուցիչը` Ցոլին Ճինեան: Անոնք դատապարտեցին Ատրպէյճանի եւ անոր եղբայր Թուրքիոյ հայատեաց եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու գործելաոճը` դիտել տալով, որ Թուրքիա կը շարունակէ աւելի քան դար մը առաջ սկսած իր նոյն ուղին եւ հրապարակայնօրէն կը յայտարարէ հայութեան դէմ սկսած գործը` սպանդը կրկնելու իր կեցուածքը: Անոնք լուսարձակի տակ առին հայկական բանակին արձանագրած յաջողութիւնները` Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած աւելի քան 10 անօդաչու սարքեր վար առնել, սահմանին հսկել ամենայն բծախնդրութեամբ եւ այլն, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ համայն հայութիւնը զօրավիգ է իր կեանքին գնով սահմանը պաշտպանող իւրաքանչիւր զինուորի: Խօսք առնողները հաստատեցին, որ հայութիւնը միասնականութեամբ կրնայ յաղթահարել ամէն մարտահրաւէր եւ տագնապ:
2 ժամ տեւած հաւաքէն ետք ցուցարարները հանդարտօրէն ցրուեցան: