2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը սուրիահայ վարժարաններուն համար դժուարութիւններով լեցուն շրջան մը եղաւ:
Պատերազմէն տակաւ դուրս եկող Սուրիոյ մէջ, իւրաքանչիւր վարժարան սկսած էր արդէն վերականգնումի իր
աշխատանքներով աստիճանաբար ոտքի կանգնիլ, ունենալով մէկտեղ ուսուցչական մարդուժի, տնտեսական, աշակերտներու թիւի նուազումի եւ այլ հարցեր:
Միւս կողմէ պատանի եւ երիտասարդ սերունդներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները մանկավարժական հարցերու լուծման, աշակերտները խրախուսելու եւ ուսման ու գիտութեան մղելու այլ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը դնէին վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչական-վարչական պատասխանատուները:
Մարտի սկիզբը վրայ հասաւ նաեւ պսակաձեւ ժահրին համաճարակը: Վարժարանները փակուեցան: Իւրաքանչիւր վարժարան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձեց ուսումնական ծրագիրը  լրումին հասցնելու լուծումներ որոնել՝ հետեւելով Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան որոշումներուն:
Ուսումնական ծրագիրները կրճատուեցան, որոշ տեղեր առցանց կիրարկուեցան: Ուսումնական տարին հասաւ իր աւարտին՝ պսակաձեւ ժահրի դիմագրաւման նախազգուշական միջոցներու որդեգրումով:
Հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերէր պետական քննութիւն յանձնող կարգերուն: Բարեբախտաբար անոնք եւս յաղթահարեցին այս դժուարութիւնները՝ շնորհիւ նախարարութեան ընձեռած կարելիութիւններուն՝ ծրագիրներու կրճատում, քննութեանց յետաձգում, յաջողութեան պայմաններու բարեփոխում, վերաքննութեան առիթ եւ այլն:
Կարելի է ըսել, որ նախարարութիւնը բաւական դիւրութիւններ ընծայեց աշակերտներուն՝ մղելով որ լաւապէս պատրաստուին պետական քննութիւններուն եւ իրենց առաւելագոյնը ի գործ դնեն յաջողութեամբ աւարտելու տարին:
Ամավերջի հանդէսները որոշակի սահմանափակումներով կազմակերպուեցան եւ մեր բոլոր վարժարանները յաջողեցան զօրակցիլ հայ աշակերտներուն՝ զանոնք տեսնելու ուսումնական լաւ մակարդակի վրայ:
Երկրորդականի պետական քննութիւններուն արդիւնքները  յաջողութեան լաւ տոկոսի մը արգասիքն էին փաստօրէն:
Մեր ժրաջան սերունդները, տարբեր վարժարաններու մէջ, տքնեցան ու գնահատելի արդիւնքներով աւարտեցին հայկական երկրորդական վարժարանները: Անոնք զրկուած ըլլալով բնական պայմաններու մէջ սորվելու եւ ուսումնական բարւոք տարի մը վայելելու կարելիութիւններէ, արժանացան համա-լսարան մուտքի գնահատանիշերուն՝ յոյսի հորիզոններ բանալով մեր բոլորին դիմաց:
Կը շնորհաւորենք հայկական մեր բոլոր վարժարաններուն շրջանաւարտները եւ կը մաղթենք, որ շարունակեն իրենց յամառ աշխատանքը՝ բարձրագոյն ուսման արժանանալու եւ իրենց պայծառ ապագան ուրուագծելու:
Կարելի բոլոր միջոցներով նեցուկ կանգնինք այս սերունդին, որ քաջութիւնն ու ինքնավստահութիւնը ունեցաւ յաղթահարելու բազում դժուարութիւններ ու զրկանքներ կրելով արժանացաւ հայկական վարժարաններէն վկայուելու պատիւին:
Բարի երթ բոլորին:
«Գ.»