Պսակաձեւ ժահրը, բնականաբար, շատ փոփոխութիւններու առիթ տուաւ եւ այդ փոփոխութիւններէն ոմանք արմատական էին եւ այդպէս ալ պիտի մնան։
Իւրաքանչիւր երկիր տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ գտնուեցաւ ու առ այսօր վարակուածներու կամ բուժուողներու թիւերով է, որ կը ճշդուի գալիք օրերու՝ ժահրին դէմ պայքարին կամ անոր պատճառած դժուարութիւնները դիմագրաւելու միջոցներն ու կարելիութիւնները։
Քանատայի պարագային, նախքան 16 Մարտը, այսինքն՝ նախքան դպրոցական գարնանային արձակուրդը, արդէն «Քորոնա» անուանումը սկսած էինք լսել եւ դպրոցներուն ու մանկամսուրներուն մէջ սկսած էինք հականեխիչ գործածելու եւ յաճախակի կերպով ձեռք լուալու մղել աշակերտները։ Գարնանային արձակուրդը երկարաձգուեցաւ, ապա՝ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ բոլոր դպրոցները պարտաւոր են դասաւանդումը առցանց կատարել ու բոլոր աշակերտները յաջողած համարելով՝ դպրոցները իրենց դռները բանան յաջորդ տարեշրջանին։ Միեւնոյնը եղաւ մանկամսուրներու պարագային, սակայն այս ամիս կարգ մը մանկամսուրներ, առողջապահական նոր միջոցներ որդեգրելով, սկսան բանալ իրենց դռները։
Անցնող չորս ամիսներու ընթացքին ընտանիքները աննախադէպ խնդիրի առջեւ կանգնած գտան իրենք զիրենք։ Նախքան «Քորոնա»ն, աշխատանքի երթալու պարտաւորութեամբ, իրենց զաւակները օրական  երեքէն չորս ժամ տեսնող ծնողները, տուն պիտի մնային եւ 24 ժամ պիտի խնամէին իրենց զաւակները, միեւնոյն ժամանակ տունը նստած՝ առցանց պիտի շարունակէին իրենց սեփական աշխատանքը։ Անշուշտ, մարդոց մեծամասնութիւնը իրենց տուներէն սկսան աշխատիլ, իսկ ժահրին պատճառով աշխատանք կորսնցնողները եւ աշխատավայրերը փակողները անօգնական չմնացին, ընդհակառակը՝ հակառակ տնտեսական դժուար պայմաններուն, պետութիւնը, ամսական դրութեամբ, շտապ օգնութեան գումարներ յատկացուց անոնց, ինչպէս նաեւ գործատէրերուն, ուսանողներուն, եւ այլն։
Հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարող բժիշկները իրենց կեանքը վտանգելով շարունակեցին աշխատիլ եւ կեանքեր փրկել։
Շատեր հոգեկան տագնապներու ենթարկուեցան եւ վարակուելու վախով տառապեցան, ինչպէս նաեւ տան մէջ բանտարկուած, միջավայրէն հեռացած եւ անմիջական ու ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահելու պարտաւորութեան ենթարկուելու պատճառով հոգեկան խանգարում ունեցան։ Պզտիկներուն համար ալ շատ դժուար էր իրենց դպրոցէն եւ ընկերներէն հեռու մնալը, ապա՝ առցանց դասաւանդութիւնն ու արդիական միջոցներով իրարու հետ կապի մէջ մնալը ձեւով մը մխիթարեց զիրենք։
Ամիսներ առաջ, հանրակառքի եւ շոգեկառքի մէջի խճողումը, ճանապարհներուն վրայի խցանումները եւ մարդոց վազվզուքը տեսնելով «Երանի այդպիսի դրութիւն մը ըլլար, որ մարդոց աշխատավայրերը իրենց տուներուն մօտ ըլլային», կ’ըսէի. երբեմն ալ ես ինծի` «Եթէ կախարդական փայտիկ ունենայի, մարդոց տուներուն տեղերը կը փոխէի ու իրենց աշխատավայրին մօտիկ կ’ընէի», կը կրկնէի։ է՜հ, վերջապէս բոլորս ալ նուազագոյն հաշիւով օրական երկու ժամ ճամբայ կը չափենք՝ հասնելու համար մեր աշխատավայրերը։ Այդ փայտիկը երբեք չունեցայ, սակայն այս ժահրը եկաւ եւ մարդոց վարժեցուց տունէն աշխատիլ։ Այժմ կայարաններուն ու հանրակառքերուն մէջ առաջուան խճողումը չկայ, եւ աշխատանքէն չուշանալու համար վազողներու չենք հանդիպիր, բայց տունէն աշխատիլն ալ իր կարգին շատ մեծ փոփոխութիւն բերաւ մեծ ընկերութիւններուն համար։ Հսկայ գումարներ ծախսող եւ գրասենեակներ վարձող ընկերութիւնները սկսան փոքրացնել իրենց վարձած տարածքները եւ ափսոսանք ապրեցան այն բանին համար, որ տարիներով գրասենեակներու վարձքի համար հսկայ գումարներ ծախսած են, այս պարագային գործաւորներն ալ պէտք չունեցան հագուստ-կապուստի կամ արդուզարդի համար մսխումներ ընելու, ժամերով ճամբայ չափելու, ընդհակառակը` իրենց տան հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ շարունակեցին եւ առ այսօր կը շարունակեն աշխատիլ։ Կը կարծեմ, որ նոյնը պիտի ըլլայ կարգ մը համալսարաններու եւ դպրոցներու պարագային, որոնց դասաւանդումը հեզասահ կը շարունակուի առցանց, իսկ քարաշէն շէնքեր կամ դասարաններ ապահովելու համար վարձք տալու եւ մեծ գումար յատկացնելու պարտաւորութիւնը պիտի իջնէ շատերու ուսերէն։
Հոս, մարդիկ կը հետեւին կառավարութեան սահմանած օրէնքներուն եւ առողջապահութեան նախարարի ցուցմունքներուն, արդէն ուր որ երթաս կարգի պիտի կենաս ու պարտադիր երկու մեթր հեռաւորութիւն պիտի պահես շուրջդ գտնուող անձերէն, հանրակառքերուն մէջ նշուած եւ արտօնուած տեղերը կրնաս նստիլ (անշուշտ օրական քանի մը անգամ կը հականեխուին ժողովրդային փոխադրամիջոցները), վերելակին մէջ միայն երկու անձերու ներկայութիւնը արտօնուած է. ճաշարանները, թատրոնի սրահները եւ խաղադաշտերը փակ են։ Վերջերս վարակին երկրորդ փուլին անցաւ երկիրը, այսինքն կարգ մը խանութներ, առեւտուրի կեդրոններ, բացօթեայ ճաշարաններ, պարտէզներ, լողաւազաններ, մանկամսուրներ, ամառնային բացօթեայ կարգ մը դպրոցներ եւ եկեղեցիներ՝ որոշ փոփոխութիւններով եւ առողջապահական կանոնները պահպանելով բացուեցան, իսկ փակ տեղերուն մէջ բերանակապ կրելը պարտադիր եղաւ։
Անշուշտ, նախորդ ամիսներուն, արդիական միջոցներու վարժ դպրոցները, համալսարանները, ինչպէս նաեւ երիտասարդները դժուարութիւն չկրեցին, միջին տարիքի անձինք համակարգիչի վերաբերեալ բաց թողած գիտելիքներ ձեռք բերին, որպէսզի հարազատներուն ու ընդհանրապէս մարդոց հետ կապ պահեն, առցանց աշխատին, ժողովներ գումարեն ու իրենց ժամերը լեցնեն։ Դժուարութեան պարագաներու ենթարկուեցան ծերերը, որոնք արդիական միջոցներ օգտագործել չէին գիտեր, ինչպէս նաեւ հանգստեան տուներու մէջ ապրող տարեցներու պարագան դժուար էր այն առումով, որ տարիքի յառաջացումն ու կարգ մը հիւանդութիւն ունեցողները շուտ վարակուեցան ու դժբախտաբար չկրցան դիմադրել հիւանդութեան եւ յանձնուեցան։ Երկրորդ դժուարութիւնը երկկողմանի էր, այս պարագային հարազատներու այցելութիւնը խստիւ արգիլուած էր (վարակելու կամ վարակուելու վտանգը կանխելու նպատակով)։ Այս ամիս այդ հարցն ալ լուծուեցաւ ու որոշ սահմանափակումներով այցելութիւննները արտօնուեցան։
Որպէս հայկական գաղութ մեր եկեղեցիները, ակումբը, դպրոցը, մշակութային օճախները եւ հաստատութիւնները առցանց շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը ու հասան կարիքաւորներու օգնութեան, ինչպէս նաեւ իրենց օժանդակութիւնը չխնայեցին հաւատացեալներէն եւ հայ գաղութի զաւակներէն։
Այս ճգնաժամին շատ մը առաջնահերթ եղող արժէքներ վերյիշեցինք ու կարեւոր համարեցինք բոլորս, ի վերջոյ չարիքին մէջը պահուած բարին նկատեցինք ու անոր կարեւորութիւնը վերյիշեցինք, օրինակ՝
1-Առողջութիւնը
2-Ընտանիքը
3-Կարեկցութիւնը
4-Մարդասիրութիւնը
5-Ազատութիւնը
6-Հոգատար ըլլալը
7-Կենսոլորտի մաքրութիւնը (մեծ գործարաններուն փակ մնալու շնորհիւ կենսոլորտն ու ծովերը ապականութենէ ձերբազատուեցան)։
Կարծեմ, թէ «Քորոնա»էն առաջ ազատութեան քաղցրութիւնը անհամ դարձած, ընտանիքի անդամները մեկուսացած, ձեռնահեռաձայններու ովկիանին խորքը ընկղմած, Աստուծոյ բարիքները գնահատել մոռցած եւ կարեկցութեան իմաստը կորսնցուցած կ’ապրէինք։ Այս անխիղճ պսակաձեւ ժահրը մեր ետին ձգելէ ետք, արթուն խիղճով պիտի շնչենք Աստուծոյ՝ մեզի պարգեւած թթուածինը ու մեր սրտերուն աչքերը բացած պիտի արժեւորենք մեր ունեցած հոգեկան գանձերը։
Հակառակ պատահած մահերուն, հիւանդութեան, տնտեսական ճգնաժամին, մարդոց մեկուսացման, հոգեկան դժուարին պարագաներուն եւ քաոսային վիճակին՝ լաւատեսութեամբ կ’ուզեմ դիտել այս ամէնը ու մարդոց հոգւոյն աչքերուն բացուիլը կը խնդրեմ, որպէսզի բոլորս ալ մեր ու մեր շուրջիններուն հանդէպ աւելի ուշադիր եւ հոգատար ըլլանք, բարութեան եւ համբերանքի սերմերը մեր  հոգիին մէջ ցանենք, որովհետեւ աշխարհը վտանգող նոր եւ աւելի ծանր վարակներու ենթարկուելու գաղափարին մտահոգութիւնը սիրտս կը նեղէ։
Խնդրանքս է, որ բոլորս ալ առողջութեան թագը կրած մնանք ու համբերատարութեամբ զինուած շարունակենք ապրիլ Աստուծոյ՝ մեզի պարգեւած կեանքը եւ շող մը տեսնելով քալենք դէպի լոյսը տանող ապահով ճանապարհէն։
Կը մաղթեմ, որ այս ճգնաժամէն ետք, մեր տուներէն դուրս ելած պահուն, արժանանանք կեանքի բերքառատ արտերուն բարի արգասիքը վայելելու։
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան