Համազգայինի Սուրիոյ կազմակերպութեան աշխոյժ մասնաճիւղերէն Հալէպի իննսունամեայ «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ 23-26 Յուլիս 2020-ի, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուեցաւ «Աշուղական Երեկոյ» վերնագ-րուած գեղարուեստական բարձրորակ ձեռնարկ մը։
Հակառակ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, Համազգայինը, իր առաքելութեան հաւատարիմ, հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման իր անփոխարինելի նպաստը մատուցեց, վերականգնող քաղաքի հոգեմտաւոր վերականգնումին սատար հանդիսանալով։
Անցնող տասնամեակին հետեւանք թուային եւ որակական նօսրացման յաճախ կրկնուող յիշեցումներուն դիմաց խնամուած յայտագիրով հայ մշակոյթի գոհարներու ներկայացման այս երեկոն հոգեկան վայելք էր եւ հակափաստարկ միաժամանակ։
Հանդիսատեսը ըմբոշխնեց մեր ազգային ակունքներէն բխող գուսանական երգի եւ երաժշտութեան իւրայատուկ վայելքը, երիտասարդ եւ շնորհալի արուեստասէրներու կատարողութեամբ։
Վարձքը կատա՛ր նորաստեղծ աշուղական նուագախումբին եւ մենակատարներուն, մշակութային գործի որակական վերականգնումին համար հաստատակամութեամբ գործող համազգայնականներուն (հոս՝ երաժշտական յանձնախումբին)։
Գրիգոր Տունկեան