Ռափայէլ Պատկանեանի հայրենի քնարին գլուխ գործոցը նկատուած է «Արաքսի Արտասուքը» քերթուածը, զոր Րաֆֆի գնահատած է իբրեւ «Հայ բանաստեղծութեան թագուհի»։ Հայոց հայրենասիրական քնարը հետագայ տարիներուն, անշուշտ, այլ թագուհիներ եւս տուաւ, բայց իր օրերուն այս քերթուածը բացառիկ ընդունելութիւն գտաւ, յատկապէս երբ երգի ալ վերածուեցաւ ու տարածուեցաւ հայաշխարհի բոլոր ծագերը։ Քերթուածին ոգին անմահ է, ան այսօր ալ կ’ապրի եւ մեր կեանքի կարգ մը հարցերուն կ’արձագանգէ։
Պարզուկ լեզուով գրուած այս քերթուածին համազգային լայն ընդունելութեան պատճառը եւ իր արժէքը միայն արուեստին մէջ չէ, այլեւ հոն դրուած խորհուրդին։ Առաջին իսկ համարներէն ընթերցողին պարզ կը դառնայ, որ ռոմանթիկ բանաստեղծը, խօսելով Մայր գետին հետ, զայն կ’ընդունի իբրեւ Հայրենիքի խորհրդանիշ։ Նոր սերունդը (հեղինակ) անոր կը դիմէ հարցումով՝
Ինչո՞ւ արցունք ցայտում են 
Քու սէգ, հպարտ աչերից, 
Ինչո՞ւ արագ փախչում ես 
Այդ հարազատ ափերից։
Սակայն Հայրենիք-գետը կը զայրանայ «անմիտ» պատանիին հարցումէն ու իբրեւ պատասխան, իր նախկին փառաւոր օրերուն կը հակադրէ այսօրուան ստրկացուած ու աւերակ վիճակը.
Սիրելիի մահից յետ
Ե՞րբ ես տեսել, որ այրին
Ոտից գլուխ պճնուի
Իր զարդերով թանկագին։
Սիրելին՝ ամուսինը Հայրենիքի ազատութիւնն ու հայրենի պետականութիւնն են, որոնց կորուստով երկիր-գետը այրիացեր է։ Մեր գրականագիտութեան մէջ եղած է կարծիք, թէ Արաքսը այդ վիճակէն ելքի միջոց չունէր, այլ խօսքով՝ Պատկանեան իր առաջադրած հարցումին պատասխան չունէր, հետեւաբար քերթուածը կ’աւարտէ անորոշ.
Էլ չխօսեց Արաքսը, 
Յորձանք տուեց ահագին, 
Օղակ- օղակ օձի պէս 
Առաջ սողաց մոլեգին։ 
Նոյնը ըսուած է նաեւ Րաֆֆիին համար, երբ ան հարցումով կը դիմէ Վանայ լիճին՝
Ձայն տուր, ո՛վ ծովակ, ինչո՞ւ լռում ես, 
Վշտակից լինել չկամի՞ս դժբախտիս… 
Նախ յիշենք, որ ռոմանթիկ բանաստեղծներ յաճախ կը դիմէին ճարտասանական (հռետորական) միջոցներու՝ հարցում, բացագանչութիւն, աւաղում եւ այլն։ Ինչ կը մնայ Պատկանեանին ու Րաֆֆիին, անոնց ամբողջ ստեղծագործութեան ոգին մի եւ նոյն պատասխանն է այդ հարցումին՝ պայքար ազատագրութեան համար։ Եւ ահա Պատկանեան Արաքսին պատասխանը կու տայ անուղղակիօրէն, ինչպէս վայել էր քերթուածի մը. Արաքսին երդումը կը հնչէ որպէս պատգամ հայոց երիտասարդութեան.
Քանի որ իմ զաւակունք
Այսպէս կու մնան պանդուխտ,- 
Ինձ միշտ սգուոր կը տեսնէք 
Այս է անխաբ իմ սուրբ ուխտ…։
Աւելի քան յստակ ու մեկին է պատասխանը, որ անուղղակի թելադրանք է հայրենադարձութեան եւ յանուն ազատութեան ու անկախութեան պայքարի։ Այսօրուան մեր իրականութեան հետ Պատկանեանի գաղափարի հարազատութեան մէկ վկայութիւնը եւս։ Ան նոյն գաղափարը, նոյն յստակութեամբ, արտայայտած է իր ստեղծագործութեան լայնքին ու երկայնքին ու յատկապէս «Վարդանի Երգին» մէջ, որ ծանօթ է որպէս «Հիմի՞ Էլ Լռենք»՝
Թող լռեն մունջը, անդամալոյծը, 
Կամ՝ որոց քաղցր է թշնամու լուծը, 
Բայց մենք, որ ունինք հոգի ու սիրտ քաջ, 
Ե՛կ անվախ ելլենք թշնամու առաջ- 
Գոնէ մեր փառքը մահով ետ խլենք- 
Ու այդպէս լռենք։
Նշուեցաւ, որ հայ մտաւորականութեան մեծ մասը յոյսով կը սպասէր Պերլինի վեհաժողովին արդիւնքը։ Եւրոպան բացարձակ անտարբերութեամբ անտեսեց ու իր շահերուն զոհաբերեց հայոց արդար սպասումները։ Գոյութիւն ունի կարծիք մը, որ Պերլինի վեհաժողովին յաջորդող շրջանը կատարեալ յուսալքութեան շրջան էր մեր գրականութեան մէջ։ Սակայն, իրականութեան մէջ, հիասթափութիւնը կարճ տեւեց, յուսալքութեան չտարաւ հայութիւնը, ընդհակառակը, հայ մտաւորականներ սթափեցան ու անդրադարձան, թէ գերագոյն ճշմարտութիւնը սեփական ուժին վստահիլը, ժողովուրդին քնացած ոգին արթնցնելն է։ Խրիմեանի «Երկաթէ Շերեփ»ի ճառի ոգին՝ «Զէնք առէք եւ դարձեալ զէնք…» մինչ օրս սթափութեան կոչ է հայութեան։ Եւրոպայի հանդէպ Պատկանեանին վերաբերմունքը տատանումներ կ’ունենայ։ Ան երբեմն յոյսեր կը կապէ եւրոպական «լուսաւոր» ազգերու օգնութեան հետ, երբեմն կը հիասթափուի ու կը զայրանայ, քանի որ Հայաստանը շատ անգամ պատուար եղած է Եւրոպայի համար, իսկ անոնք երախտամոռ են իրենց քրիստոնեայ քրոջ հանդէպ։ Իշխող տրամադրութիւնը կծու մեղադրանքն է «արիւնածարաւ», «անգութ» Եւրոպայի, որ «Նախ՝ անմեղութիւնն մեր խոստովանեց, ապա չարերուն մեզ ի խաչ մատնեց»։ Կ’ունենայ նաեւ «սրտի վկայութիւն», թէ՝ «Չէ՛, չէ՛, դահիճ չեն լուսաւոր ազգեր, վստահենք, նոքա չեն մորթել հային, չյուսահատուենք, իմ եղբա՛յր հայեր, մեզ էլ իրաւունք կու տան մարդկային»։ Վերջապէս կայ միայն սեփական ուժերուն վստահելու կոչը։ «Ո՞ւր է, դու գիտե՞ս, բախտդ ու փառքդ ու ազատ կեանքդ։-Ի ծայր քո սրին»-կը գրէ «Մշեցու Հեկեկանքը» քերթուածին մէջ։
Եւ որպէս վկայութիւն արդէն իշխող այս տրամադրութեան, 1883-ին գրուած «Երդումն» քերթուածով ան ձայնը հայ երիտասարդին կու տայ։ Նոյնիսկ հայրենասիրական տրամադրութիւններով գերյագեցած հայ գրականութեան մէջ այս քերթուածը այն բացառիկներէն է, որ կը ցնցէ ընթերցողը հայրենի երկրին հանդէպ անկաշառ սիրոյն, անմնացորդ նուիրումին ու յանուն անոր անկախութեան իր «դաժան» ինքնամերժումին ուժգնութեամբ։ Երիտասարդը նախ իր երդումին վկայ կը բերէ անձնական ու ազգային բազմաթիւ սրբութիւններ, լիովին կը գիտակցի իր ճանապարհին սպասելի բոլոր դժուարութիւններուն, սակայն իր երդումը անշեղ է, իր սուրը չի մտներ պատեան, «Մինչեւ չազատուի ստրուկ Հայաստան»։
Ինչպէս որ հերոսը կը պահանջէ՝ «Թող ինձ հետ երդնու ազգը յաւիտեան», այդ երդումը «եարի փոխան զէնքը գրկած» ֆիտայիներուն էր։ Այդ կրակէ երդումին կրողներն էին ու ե՛ն երէկուան ու այսօրուան բոլոր կամաւորները։ Հակասական բեւեռներու մէկտեղում. այս ազգը այսօր ալ նոյն ընտրանքին առջեւ է։ Եւ այն պարագային, երբ ոմանք իրենց որդիները «կ’ազատեն» հայրենիքի պաշտպան զինուոր ըլլալէն, ուրիշներ, Սփիւռքի մէջ իրենց բարեկեցիկ կեանքը կը ձգեն ու կ’արձագանգեն «Ցեղի Ձայնին» կամ մարտական ծառայութեան, ժամկէտը լրանալէն ետքն ալ կը մերժեն զօրացրուիլ, քանի դեռ հայրենիքին սահմաններուն վտանգ կը սպառնայ…
Պատկանեան, ինչպէս նշեցինք, ծայրայեղ է իր վերաբերմունքին մէջ։ Հայ մարդուն արժէքը ան կը տեսնէ միայն հայրենիքին հանդէպ անոր կեցուածքին ընդմէջէն։ Ան հայ ըլլալը չի չափեր արտաքին երեւոյթներով՝ հայ ծնած ըլլալով, ազգային տարազով, խոհանոցով, սովորոյթներով, հայրենասիրական խօսքեր հնչեցնելով։ Ըստ հեղինակին՝ իւրաքանչիւր մարդ, որ ինքզինք հայ կը դաւանի, պարտաւոր է տեղեակ ըլլալ ազգի անցեալի պատմութեան եւ անմիջականօրէն մասնակից ըլլալ իր օրերու կեանքին («Հայ եւ Հայութիւն»), մէկ խօսքով՝ արթուն քաղաքացիական կեցուածք.
Սիրէ՛ ազգդ, բայց ոչ խօսքով, սիրէ ինչպէս քու անձը,
Նորա օգտին, թէ պէտք լինի, զոհէ բոլոր քո գանձը.
Մի՛ խնայիր կեանքդ անգամ, արիւնդ բեր նորան զոհ, 
Ոչ այն յուսով, որ քու ազգը իսկոյն լինի քեզնից գոհ։
Իսկտակ սէրը չի պահանջում ամենեւին տրիտուր, 
Թէ տուածը ետ առնուի՝ դորան կ’ասեն առեւտուր։ 
Խտացուած միտքերով խօսք, անժամանցելի ճշմարտութիւններ, որոնք որեւէ ժամանակ սերունդի մը հայրենասիրական ոգին արթնցնելու ունակ են։
Պատկանեան պարսաւանք ունի նաեւ հայկականը անարժէք նկատող, հայութենէ հեռացող, օտարինը կապկող հայ երիտասարդներուն համար («Մայրաքաղաքում կրթած հայ աղջիկ», «Մայրաքաղաքում կրթած հայ երիտասարդ»)։ Այս իմաստով եւս ան մեր օրերուն հետ կը խօսի, միայն թէ Պատկանեան մեղաւոր կը նկատէ ո՛չ այնքան երիտասարդները, որքան որ անոնց տրուած ընտանեկան դաստիարակութիւնը։ Այդ գաղափարը ան առաւել կը շեշտէ իր արձակ գործերուն մէջ։
Ըլլալով իր օրերու բազմակողմանի կրթուած մտաւորականներէն մին, զարթօնքի սերունդի իր ժամանակակիցներուն նման, Պատկանեան մեծ կարեւորութիւն կու տար նաեւ մարդու ազգային դաստիարակութեան  ազգային երգի ազդեցութեան։ Ան առաջիններէն էր, որ հրատարակեց «Ազգային Երգարան Հայոց»ը, ուր կային ե՛ւ իր քերթուածներէն, ե՛ւ այլ ազգային երգեր։ Պատկանեանի բառերով ամէնէն նշանաւոր երգերէն են՝ «Օրօրոցի Երգ» («Քուն Եղիր, Պալաս»), «Արաքսի Արտասուքը», «Հիմի՞ Էլ Լռենք» (Վարդանի Երգը), «Լռեց։ Ամպերը Եկան», «Յոյս» (Թող Փչէ Քամին), «Օրօրոցի Երգ» (Արի, Իմ Սոխակ) եւ այլն։
Մեր խօսքին մէջ, նշելով, որ Պատկանեան իր օրերուն «Ամբողջ ազգի կուռքն» էր, նոյն ատեն, կարգ մը քերթուածներու առթիւ, արուեստի տկարութիւնը նշեցինք։ Եթէ առնենք լեզուի իմաստով՝ Պատկանեան գրած է նաեւ իր հայրենի Նոր Նախիջեւանի բարբառով, սակայն, ինչպէս նշեցինք, ան առաջիններէն էր, որ կարեւորեց աշխարհաբարը, անոր վրայ դնելով իր իւրայատուկ դրոշմը։ Սակայն Պատկանեանի քերթողութիւնը չունի արուեստի այն մակարդակը, ինչ որ կը սպասուի քերթողութենէն ընդհանրապէս։ Արուեստի կատարելութեան ձգտումը արեւելահայ ճակատի վրայ, ժողովուրդին հասկնալի ըլլալու պահանջքին իբրեւ հետեւանք, առաւել դանդաղօրէն իրագործուեցաւ քան արեւմտահայ ճակատին վրայ եւ ձեւով մը գրական սկզբունք դարձաւ։
Պատկանեանին նուիրուած այս շարքին մէջ չենք անդրադարձած անոր արձակին՝ պատմուածքներ ու վիպակներ, որոնց մէջ եւս նոյն զգօն պահակն է ազգային նկարագիրին, արժէքներուն։ Նշանաւոր գործերն են՝ «Փառասէրը», «Տիկին եւ Նաժիշտ» եւ «Ես Նշանած Էի»։ Արձակին մէջ եւս անոր գրիչը միշտ հատու զէնք է ընդդէմ օտարամոլութեան, եսակեդրոնութեան, ազգային հարցերուն հանդէպ անտարբերութեան։ Այս յօդուածաշարը նուազագոյնն էր որ կրնայինք նուիրաբերել Մեծ Հայուն, ոգեկոչելով անոր շունչը՝ իբրեւ պատգամ մերօրեայ սերունդին։
Լալա Միսկարեան-Մինասեան