«Երկիր».-26 Յուլիսէն 1 Օգոստոսին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտին վրայ, հակառակորդը հրադադարի պահպանման դրութիւթիւնը խախտած է 170 անգամէն աւելի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 1700 կրակոց:
Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը հետեւին հրադադարի պահպանման վարչակարգին եւ կը շարունակեն անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: