«Հորիզոն».-Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ 1 Օգոստոսին երեկոյեան ժամը 10:30-ին, խումբ մը ատրպէյճանցիներ դիմած են սադրանքի եւ յարձակած խումբ մը հայ երիտասարդներու վրայ։
Յանձնախումբը խստօրէն դատապարտելով ատրպէյճանական այս հակահայ վարագիծը, զգօնութեան կոչ կ՚ուղղէ Թորոնթոյի ոստիկանութեան, որպէսզի յանցագործները ենթարկեն իրաւական հետապնդումի եւ երաշխաւորեն հայ համայնքի ապահովութիւնը։ Յանձնախումբը միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ Թորոնթոյի հայ համայնքին, որ չենթարկուին սադրանքներու եւ գրգռութեան արարքներու։
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ 12 Յուլիսին Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի գործադրած ռազմական յարձկակողապաշտ ընթացքէն ի վեր, Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ատրպէյճանցիներ՝ թուրքերու աջակցութեամբ, կը փորձեն սադրանքներ հրահրել հայերուն դէմ։
Հաղորդագրութիւնը կ՚ըսէ, որ վիրաւորական եւ անարգական երեւոյթ է նաեւ միջադէպէն անմիջապէս ետք ատրպէյճանական համայնքի ապատեղեկատուութիւն տարածելու այն վարքագիծը, ուր փորձ կատարուած է քանատահայերը նախայարձակ կողմ ներկայացնելու։