Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ճեմարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն, Կիրակի, 26 Յուլիս 2020-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Ուսումն. Միացեալ ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտ 12-րդ հունձքին աւարտական հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Հունձքը կոչուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին անունով՝  «Արամ Ա.» սերունդ:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 25- ամեակը ըլլալով, հպարտութիւն է իւրաքանչիւրիս համար իր ծառայութեան օրինակը։ Ան ժողովուրդը առաջնորդեց դէպի Աստուածակեդրոն կեանք՝ ի խնդիր հոգեւոր արժէքներու կենսագործման, հայակերտման, հայրենակերտման եւ մարդակերտման:

Հանդէսին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, հոգեւոր հովիւներ, գիւղապետը, ազգային իշխանութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հանդիսատեսներու հոծ բազմութիւն:

Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու սուրիական եւ հայոց բանակներուն հերոս նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեցին Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները:

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց ԺԲ. կարգէն շրջանաւարտ Քրիստին Աշըգեան, որ ողջունելէ ետք հանդիսատեսը, նկատել տուաւ որ այսօրուան հանդէսը մէկ շաբթուան ժրաջան աշխատանքի արդիւնքն է։ Ան դիտել տուաւ, որ  համաճարակին պատճառով կիսատ մնաց տարեշրջանը, որուն համար ալ այսօր կը ներկայացուի հայերէնի վերջին դասապահը:

Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԺԲ. Կարգի շրջանաւարտ Սերոբ Դանիէլեան: Ան ուժ եւ կորով մաղթեց վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար Ասատին, ինչպէս նաեւ յարգանք ու պատիւ՝ Սուրիական Հայրենիքի բանակին:

Թ. Կարգին հրամցուցած գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր հայերէն արտասանութիւն՝ «Հայ Դպրոցին»  Սաթիկ Արմիկ Սահակեան եւ Մարի Ռօզ Չափարեան, նուագ ջութակով՝ «Կիլիկիա» Մանիա Թրթռեան, թատերական ներկայացում՝ «Մեր Քեսապը» խորագիրով, մեներգ՝ «Ա՜խ, Տունս-Տունս» Բալիկ Լնդեան:

Այնուհետեւ ԺԲ. կարգի շրջանաւարտներէն  Ժնեւ Պէօճիւքեան ներկայացուց վեհափառ հօր կենսագրականը, այլ շրջանաւարտներ անդրադարձան վեհափառ  հօր մտածումներուն, խոհերուն եւ խրատներուն, արտասանութեամբ անդրադարձան ազգային արժեհամակարգի կարգ մը տարրերուն,  ինչպէս՝ կրօն-քրիստոնէութիւն, եկեղեցի, հայրենիք, մշակոյթ՝ լեզու, գրականութիւն(գիրք), կրթութիւն եւ պահանջատիրութիւն:

Իւրաքանչիւր աշակերտ իր արտասանած արժեհամակարգի տարրին մէկ խորհրդանիշը կախեց դալար դափնիի ծառին վրայ առ այն, որ այդ արժէքները անժամանցելի են եւ կենարար: Ապա Նարեկ Հարֆուշեան  արտասանեց Ժագ Յակոբեանի «Ո’վ Հայ, Խօսէ Հայերէն», իսկ Սերոբ Դանիէլեան՝ Մաղթերգ Հայրապետին:

Արաբերէն արտասանութեամբ հանդէս եկան Եուշահ Մուհամմետ, հայկական նազ պար՝ Լիլա Լիւսի Չիւրիքեան, խօսք՝ Վարդի Մալաթչալեան, սրինգով նուագ՝«Սարի աղջիկ» Ժոզէֆ Արամեան, տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ «Եկեղեցին Հայկական» խորագիրով, նուագ՝«Երեւան Էրեբունի» Լիլա Լիւսի Չիւրիքեան, մեներգ՝ «Երազ Իմ Երկիր» Ժոզէֆ Արամեան:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ  տեսերիզ մը, ուր ԺԲ. կարգի իւրաքանչիւր շրջանաւարտ իր սրտին խօսքը արտասանեց:

Այնուհետեւ ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան ներկայացուց 2019-2020  ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ պարգեւատրեց հայերէն լեզուի մէջ առաջնակարգ աշակերտները:

Հանդիսատեսի ուրախութեան ծափողջոյններով բեմ բարձրացան Թ. կարգի 12  շրջանաւարտներ եւ ԺԲ. կարգի 10 շրջանաւարտներ:

Ապա ԺԲ. կարգը դպրոցի խորհրդանիշ դրօշը եւ լոյս գիտութեան, հայեցի կրթութեան անմահ կանթեղը փոխանցեց ԺԱ. Կարգին: Այս առիթով ԺԱ. կարգի աշակերտուհի Աստղիկ Դանիէլեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Լուսաւորչի Կանթեղը», որուն կ’ընկերակցէր մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտ Նարօտ Աշըգեան, որ կը ներկայացնէր ճեմարանի ապագայի շրջանաւարտ սերունդը:

Ճեմարանի տնօրէնին, արաբ տնօրէնուհիին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Ապա սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղեց շրջանաւարտներուն։ Ան շեշտեց ճեմարանի կարեւորութիւնը հայ աշակերտի կեանքէն ներս եւ ըսաւ .« Ճեմարանը նկարագիր կոփող կառոյց է»: Սրազան հայրը իր պատգամին մէջ վեր առաւ մի քանի կէտեր եւ անհրաժեշտութեամբ շեշտեց, թէ մարդ արարածը սխալական է եւ իւրաքանչիւր անհատ պէտք չէ իր սխալները եւ թերութիւնները ծածկէ, այլ՝ աշխատի սրբագրել զանոնք, ինչպէս նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու ամէն տեսակի դժուարութիւններ առանց յուսահատելու միշտ համբերելով, պայքարելով մինչեւ նպատակներու իրագործում:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հունձք բանք արտասանեց ԺԲ. կարգի շրջանաւարտ Մեղեդի Աբէլեան, որմէ ետք Նարեկ Հարֆուշեան ընթերցեց խոստումը, խոստանալով՝ հաւատարիմ մնալ ճեմարանի վեհ կոչումին եւ անկէ ստացած հայեցի կրթութեան, սիրել գիտելիք եւ գիտութիւն, լեզու եւ մշակոյթ, ազգ եւ հայրենիք:

Հանդէսը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, ապա  շրջանաւարտներուն կողմէ Ճեմարանի քայլերգի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

Հուսկ շրջանաւարտներն ու ներկաները ուղղուեցան ճեմարանի շրջափակ, ուր հնչեց իրենց դպրոցական կեանքի վերջին զանգը եւ անոնք ցտեսութիւն ըսին իրենց շատ սիրելի ճեմարանին:

Բարի երթ  վկայեալներուն եւ լուսաւոր ճանապարհ շրջանաւարտներուն:

Հազար բարո՜վ դուք երթաք…

Աստուած ալ ձեզի հետ երթայ…

Թղթակից