Կիրակի, 2 Օգոստոս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 29 նոր պարագաներ արձանագրուեցան, 10 վարակուածներ բուժուեցան եւ պարագայ մը մահացաւ։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 809-ի, մահացածներունը՝ 44-ի, իսկ բուժուածներունը՝ 256-ի։