Կիրակի, 2 Օգոստոս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ խստիւ դատապարտած է քրտական ՔԱՍԱՏ զինեալ խմբաւորման եւ ամերիկեան քարիւղի ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագրութիւնը, որուն համաձայն սուրիական քարիւղը պիտի թալանուի ԱՄՆ-ին հովանաւորութեամբ։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ սոյն համաձայնագրութիւնը իր ամբողջականութեամբ գողութեան վկայութիւն է, իսկ զայն հովանաւորող կողմերը պարզապէս գործակալներ պիտի համարուին։ Սոյն արարքը ուղղակի յարձակում է Սուրիոյ ինքնիշխանութեան վրայ եւ փաստ է, որ ԱՄՆ կը շարունակէ իր թշնամական ընթացքը Սուրիոյ դէմ, խափանելով մէկտեղ երկրի վերականգնումի գծով կառավարութեան տարած աշխատանքները։
Նախարարութիւնը եզրափակելով շեշտեց, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը յիշեալ համաձայնագրութիւնը չեղեալ, անվաւեր եւ ապօրինի կը համարէ, եւ անգամ մը եւս կը նախազգուշացնէ խմբաւորումները նման արարքներու հետեւանքներէն, զանոնք ԱՄՆ-ի ձեռքերուն մէջ աժան «խաղալիքներ» համարելով։