«Էրմէնիհապեր».-29 Յուլիսին սկսած ու քարոզչական աննախադէպ արշաւով ուղեկցուող թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները կը շարունակուին: Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը պարբերաբար զօրավարժութիւններէն պատկերներ ու տեղեկատուութիւն կը հրապարակէ, որոնք կը վերահրապարակուին տարատեսակ լրատուամիջոցներու կողմէ:
Վերջերս հաղորդագրութեամբ տեղակտուութիւն հաղորդուած է նախիջեւանեան հատուածին մէջ կիրարկուող վարժութիւններու մասին: Մասնաւորապէս նշուած է, որ ըստ համաձայնութեան, Նախիջեւանի մէջ մասնակցող ստորաբաժանումներուն մարտական պատրաստութեան հրաման տրուած է։ Այս իմաստով Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի զօրամիաւորումները պատերազմի նախապատրաստութեան նախաձեռնութիւններ իրականացուցած են:
Հաղորդուած է նաեւ, որ ճարտարագիտական ստորաբաժանումներու, դիպուկահարներու «Քոմանտօ» ջոկատի եւ «Atak» ուղղաթիռներու ներգրաւումով առանց կրակի վարժանքներ տեղի ունեցած են:
Յիշեցնենք, որ 29 Յուլիսէն մինչեւ 10 Օգոստոս Ատրպէյճանի Հանրապետութեան շարք մը շրջաններու եւ Նախիջեւանի տարածքին տեղի կ’ունենան թուրք-ատրպէյճանական միատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ:
Մասնաւորապէս, 29 Յուլիսէն մինչեւ 10 Օգոստոս Պաքուի, Նախիջեւանի, Քիւրտամիրի, Կեանջայի եւ Եւլախի մէջ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերու (ՌՕՈՒ) միատեղ վարժանքներ, իսկ 1-5 Օգոստոսին Նախիջեւանի եւ Պաքուի մէջ` միատեղ ցամաքային վարժանքներ: