«Արմէնփրէս».- ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան դիմատետրի իր էջով կը գրէ, որ հայկական YEA Engineering ընկերութիւնը COVID-19-ի բուժման ընթացքին կիրառուող VITAL թոքերու արհեստական օդափոխման համակարգեր մշակելու եւ արտադրելու արտօնագիր ստացած է:
«Հայկական YEA Engineering ընկերութիւնը արտօնագիր ստացած է NASA Jet Propulsion Laboratory-ի կողմէ՝ մշակելու եւ արտադրելու COVID-19-ի բուժման ընթացքին կիրառուող VITAL թոքերու արհեստական օդափոխման համակարգերը: YEA Engineering ընկերութիւնը այն եզակիներէն է աշխարհի մէջ, որ արտօնագիր ստացած է NASA JPL-ին կողմէ», գրած է Արշակեան:
Նախարարը յայտնած է, որ արտօնագիրի մրցոյթին 42 երկիրներէն դիմած են 330 ընկերութիւններ, որոնցմէ ընդամէնը 28-ն յաջողած է ստանալ արտօնագիր: