Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2020-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով:
Մանկապարտիզպանուհի տիկին Ցոլին Պալեան ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան հոգատար ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց կարգին, գթասիրտ մօր մը նման գուրգուրացին հրաշք փոքրիկներուն։ Ապա ան շնորհաւորեց կայտառ աշակերտները՝ մաղթելով, որ անոնք լուսառատ արեւի շողեր սփռեն ամենուր:
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց օրդ. Շահէ Մանճեան:
Ապա բեմահարթակ բարձրացան գունագեղ զգեստներ հագած փոքրիկները: Անոնց տեսքն ու եռանդը խանդավառեցին հանդիսականները:
Շրջանաւարտ փոքրիկները ներկայացուցին օրուան նիւթը՝ Հայերէն գիրերու գիւտը, ներկայացնելով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւը եւ Վռամշապուհ Արքան: Ապա ոսկեղնիկ տառերով մշտադալար ծառի մը վրայ գրեցին մեր մանկապարտէզին անունը, որ սերունդէ-սերունդ յիշուի այս փառքը:
Հանդէսին ընթացքին փոքրիկները երգեցին երեք լեզուներով, պարեցին հայկական,արաբական եւ եւրոպական պարեր: Ճկուն շարժուձեւերով անոնք հմայեցին հանդիսականները, որոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ծափողջոյններու տարափով:
Յայտագիրը վերջ գտաւ հայկական ընդհանուր պարով:
Ապա վարժարանիս տնօրէնուհի տիկին Հուրի Գարամարտեան իր խօսքը արտասանեց՝ հակիրճ տեղեկութիւններ տալով 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան մասին: Ան աշակերտներուն դէպի նախակրթարանի շարքեր բարի երթ մաղթեց:
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արժ. Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի բարի մաղթանքներով եւ «Պահպանիչ» Աղօթքով:

Մանկապարտիզպանուհի
Ցոլին Պալեան