Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին:

Վեհափառ հայրապետը վարչապետին ներկայացուց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին եւ յատկապէս պայթումին պատճառով Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերուն կրած վնասներուն մասին:

Ապա, վարչապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ այս գծով մնայուն կապի մէջ ըլլայ վեհափառ հայրապետին հետ: