Լիբանանի Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը յայտարարեց, որ պայթումէն ետք Պէյրութ դարձաւ աղէտեալ քաղաք, ուստի կոչ ուղղեց լիբանանի կառավարութեան անմիջապէս արտակարգ դրութիւն հռչակելու։
Խորհուրդը յայտնեց, որ տնտեսական գետնի վրայ Լիբանանի կրած վնասները կը հասնին շուրջ 100 միլիառ տոլարի, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ երկրին 100 թոն ցորենի պահեստը ամբողջովին փճացած է։