Պէյրութի «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեան «Գանձասար»ին յայտնեց, որ «Վանայ Ձայն»ի կեդրոնին ապակիներն ու դռները, ինչպէս «Ազդակ»ի եւ Շաղզոյեան կեդրոնի բոլոր ապակիներն ու դռները ջարդուփշուռ եղած են Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով։

Աւագեան եւս պայթիւնի ցնցումէն վնասուած է։

Ան յայտնեց որ հայկական թաղամասերը նիւթական վնասներ կրած են, նախնական տուեալներով վիրաւորներ կան։ Ակումբի հայ տղաքը կը փութան ժողովուրդին օգնութեան։

Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։