Armenians of Syria էջին համաձայն, Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը (ֆետերասիոնը) յայտարարած է, որ պսակաձեւ ժահրի քննութիւններուն արդիւնքով ի յայտ եկած է, որ Սուրիոյ Ֆութպոլի Հաւաքականէն երեք խաղացողներ վարակուած են պսակաձեւ ժահրով։ Անոնք են՝ Մարտիկ Մարտիկեան, Մուհամմետ Ընըզ, Ահմետ Աշքար եւ Ահմետ Ահմետ։ Իսկ վարչական պատասխանատուներէն՝ Ասաֆ Խալիֆա, Ուիսեմ Ղայպուր եւ Մուհաննետ Ասաատ։

Վարակուողները մեկուսացուած են եւ յատուկ խնամքի արժանացած։