Սկաուտը իր կատարած կիրակնօրեայ գործունէութիւններու ընթացքին կ՛ըմբոշխնէ միայն տեսական գիտելիքներ, իսկ զանոնք գործնականացնելու համար, տարեկան բանակումին կողքին անհրաժեշտ են այլ գործունէութիւններ: Անցնող 5 տարիներուն ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի սկաուտները զրկուած էին այդ հաւաքական ու ընկերային կեանքը ապրելու հաճոյքէն:
Այս տարի, պայմաններու բարելաւման բերումով, կազմակերպուեցաւ խմբապետականի որակաւորման յատուկ դպրոց-բանակում մը:
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին կազմակերպութեամբ 26-27 Յունիս 2017-ին, խմբապետական ու աստիճանաւորական կազմերը դպրոց-բանակում մը կազմակերպեցին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Երկօրեայ դպրոց-բանակումի ընթացքին, անոնք կատարեցին կարգապահական վարժութիւններ, կացինի, սուլիչի , հետախուզական նշաններու եւ կողմնացոյցի օգտագործման փորձեր:
Մասնակիցներուն ներկայացուեցան շարք մը դասախօսութիւններ, ինչպէս` «Սկաուտական Արարողութիւններուն Կարեւորութիւնը», «Արխիւային Աշխատանքը», «Պահակին եւ Գիշերապահին Պարտականութիւնները»: Բժշկ. Պերճ Գասապեան նախնական դարմանումին մասին նիւթ մը ներկայացուց, մանկավարժուհի Ալին Բանոյեան մանկավարժական նիւթով մը` բանակումի ընթացքին պատանիներուն հետ վարուելու նրբութիւններուն անդրադարձաւ, իսկ Շրջ. Սկ. Խորհուրդի անդամ Մարիա Գաբուճեան բանակումի խոհարարին աշխատանքը լուսարձակի տակ առաւ:
Բանակող քոյրերն ու եղբայրները զրուցեցին դասախօսութիւնը հետաքրքրական ձեւով ներկայացնելու կարեւորութեան, ապա նաեւ պատի թերթի եւ ձեռային աշխատանքներու եւ խրախճանքներու կազմակերպման նպատակներուն շուրջ:
Բանակող քոյրերն ու եղբայրները արդէն սկսած են տարեկան բանակումի նախապատրաստական աշխատանքին` անհամբեր սպասելով ՀՄԸՄ-ականի կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ու դաստիարակիչ դերակատարութիւն ունեցող տարեկան բանակումի ջերմ օրերուն:
ՀՄԸՄ–ի Հալէպ Մասնաճիւղի Սկ. Խորհուրդ