Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով լրջօրէն վնասուած է հայաշատ Պուրճ Համուտ թաղամասը:
Ցաւօք կան ազգութեամբ հայ զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Այս պահուն Հայ Օգնութեան Միութեան բժշկական կեդրոնը շտապ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէ կեդրոն այցելած հայերուն:

Վնասուած են հազարաւոր տուներ, լուրջ վնասներ կրած են նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու կեդրոներն ու գրասենեակները, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը:
Քիչ առաջ զրուցեցի Լիբանանի մէջ գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Բենիամին Պչաքճեանին եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Բագրատունիին հետ, որոնք յայտնեցին, որ իրավիճակը չափազանց մտահոգիչ է:
Տնտեսական իրավիճակը, համավարակը, այժմ անվտանգութեան խնդիրը լրջագոյն մարտահրաւնէր են ողջ Լիբանանի եւ լիբանանահայ համայնքին համար:
Մենք կապի մէջ ենք Լիբանանի մէջ գործող մեր կառոյցներուն հետ` իրավիճակը հասկնալու եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնակելու համար:
Մինչ այդ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն եւ եղբայրական Լիբանանի բնակչութեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ
Իշխան Սաղաթէլեան