Հինգշաբթի, 6 Օգոստոս 2020-ին, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի ապտուլ Քարիմ ըսաւ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միասնութիւնը ի նպաստ երկու երկիրներու ազգային շաերուն է, շեշտելով, որ ներկայիս երկու երկիրները փոխադարձ աջակցութեան կարիքը ունին:
Ապտուլ Քարիմ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի խաղաղութիւնը կ’արտացոլայ Սուրիոյ մէջ, նոյնիսկ Լիբանանի կրած վնասները Սուրիոյ վրայ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ որեւէ պատկան կողմ եթէ Սուրիոյ հետ կապ պահէ, այդ պարագային երկու երկիրներուն վրայ ամերիկեան ճնշումը հաստատապէս պիտի վերանայ: Այլ իմաստով, Սուրիոյ եւ Լիբանանի միասնութիւնը պիտի վերացնէ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ճնշումները:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումը պատճառ պիտի դառնայ, որ շատ մը լիբանանցի քաղաքական գործիչներ Սուրիոյ դիմեն եւ ուղղուին դէպի արեւելք:
Ապտուլ Քարիմ եզրափակելով հաստատեց, որ Լիբանան Սուրիոյ կարիքը ունի, իսկ Սուրիան՝ Լիբանանի, աւելին. ԱՄՆ-ի Սուրիոյ դէմ կիրարկած տնտեսական պաշարումը պարզապէս սեւ ճակատագիր չէ: