Սպիտակի երկրաշարժին հետեւանքով անօթեւան մնացած 66.400 ընտանիքի բնակարանային հարցերը այլազան ծրագիրներով լուծուած են:
Հայաստանի քաղաքաշինութեան վարչութեան բնակարանային հիմնադրամի կառավարման բաժինի պետ Տանիա Արզումանեան, Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ պետական ծրագիրը կը շարունակուի: Եթէ քաղաքային շրջաններու մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացածներու բնակարանային հարցը լուծուած է, գիւղական բնակավայրերու պարագային, տակաւին հարցեր կան:
2018-ի պիւտճէով պետական ծրագիրին համար նախատեսուած է 460 միլիոն դրամ, որ պիտի յատկացուի լուծելու համար բնակարանի հարցերը Լոռի մարզի բնակավայրերու այն ընտանիքներուն, որոնք ունին անաւարտ, կիսակառոյց տուներ, որոնք կառուցապատողին սնանկացման պատճառով անաւարտ մնացած են: Այս պիւտճէով առնուազն 44 ընտանիքի կիսակառոյց տուներու շինարարութիւնը իր աւարտին կը հասնի:
Տանիա Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ 560 միլիոն դրամ ալ նախատեսուած է 2019-ի պիւտճէով: Անօթեւաններուն բնակարաններով ապահովելու ծրագիրը պիտի աւարտի 2020-ին: