«Երկիր».-6 Օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան հետ կապուած հարցերը քննարկած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեանին հետ:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ՀՀ նախագահը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած են պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ լիբանանահայութեան կրած վնասներուն:
Նախագահ Սարգսեանն ու Յակոբ Տէր-խաչատուրեան միտքեր փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն լիբանանահայ համայնքին համար նախատեսուող օգնութեան մասին:
Զրուցակիցները կարեւոր համարած են լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ խօսած են հիմնական կարիքներու մասին, որոնց դէմ-յանդիման կանգնած է այսօր լիբանանահայ համայնքը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ նախագահին՝Լիբանանին պատուհասած աղէտի այս բարդ պայմաններուն եւ դժուարին օրերուն, Հայաստանին օգնութեան ձեռք երկարելուն համար Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն:

ՀՅԴ Հանրային կապերի գրասենեակ
06․08․2020 թ