Կիրակի, 4 Օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նուիրման պաշտամունք` Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի Թ. Եւ ԺԲ. կարգերուն։ Պաշտամունքը սկսաւ աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին մուտքով, առաջնորդութեամբ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի։

Պաշտամունքի առաջնորդութիւնը կատարեց Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանը, ապա Վերապատուելի Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղեց, յայտնելով որ յաջողութիւնը կը տօնախմբենք, հիւանդութիւնը կը դիմակայենք, բայց կեանքը կ’ապրինք լուսապայծառ հաւատքով եւ Աստուծոյ ապաւինելով։ Ապա ան Աստուածաշունչէն Առակաց գիրքի 1.7-րդ համարին վրայ հիմնուելով, շեշտեց, թէ իմաստութիւնը այնպիսի իրականութիւն է, որ մարդս իրեն շնորհուած մտածողութեան, գիտելիքներու ըմբռնողութեան, փոխ համագործակցութեան հիմքերը իւրացնելով մէկտեղ պէտք է օգտագործէ զայն, իմաստութեամբ լեցուի չարը բարիէն զանազանելու համար։ Ան ըսաւ. «Այսօր միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, որոնք կրթութիւնը եւ իմաստութիւնը չանարգեցին, լաւագոյնս օգտագործեցին, մարմնաւորեցին Աստուծոյ պարգեւած իմաստութեան շնորհքին ամբողջական օգտագործումը։ Այսօր անոնք մեր բոլորին՝ որպէս ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէնութիւն, եկեղեցի եւ եկեղեցականներ, սրտերը կ’ուրախացնեն։ Այս հունձքը կը յանձնենք Աստուծոյ, որպէսզի խնայէ զինք չարէն եւ մեր աշակերտները Աստուածային իմաստութեամբ շարունակեն այսօրուան եւ վաղուան գիտութեան ուղին»։

Վերապատուելին իր պատգամին աւարտին աւելցուց ըսելով, որ իմաստութեամբ ձեռք բերուած գիտութիւնը պէտք է օգտագործել գիտական վերլուծութիւններու եւ միայնգամայն կատարեալ մարդ դառնալու համար, կերտուելու որպէս ազնիւ մարդ եւ բանիմաց սուրիացի քաղաքացի։

Այնուհետեւ երկրորդականի շրջանաւարտներէն  Հայերէն ուղերձ արտասանեց Յակոբ Գապայեան, իսկ անգլերէն՝ Եուսէֆ Պսելիս։ Անոնք իրենց յարգանքը յատնեցին Բեթէլ պանծալի վարժարանին, հաստատելով, որ անոր անունը անջնջելի պիտի մնայ շրջանաւարտներուն սրտերուն մէջ։ Աւարտին, անոնք երախտագիտական խօսք ուղղեցին Համայնքի խաղաղասէր, խոհեմ ու մշակութասէր հօր՝ Վերապատուելի Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանին, որուն հովանաւորութեամբ կը վայելեն հայրական սէր, վստահութիւն եւ աջակցութիւն։ Հուսկ բոլոր շրջանաւարտներուն անունով ուխտեցին հաւատարիմ մնալ վարժարանին, անոր ջամբած հայեցի կրթութեան, քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութեան։

Պաշտամունքին Թ. կարգի շրջանաւարտ Զօհրապ Միւրէքեան թաւ ջութակով եւ   դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Քրիստ Եաղճեանի «Սոնաթին»  նուագով իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Ապա Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց զոյգ կարգերու շրջանաւարտներուն, որոնք լրջութեամբ հետեւեցան իրենց փոխանցուած գիտութեան եւ աչալուրջ հնազանդութեամբ համագործակցեցան վարժարանիս հետ, հետեւելով անոր ցուցմունքներուն եւ ուսումնակրթական ծրագիրներու գործընթացքին։ Ան յայտնեց, որ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի երկրորդական կարգի պետական քննութեան գերազանցութեան համեմատութիւնը Հալէպի բոլոր վարժարաններուն մէջ բարձրագոյնն է։ Այս  յաջողութեան արդիւնքն է ծնողք, դպրոց, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ եկեղեցի համագործակցութիւնը։

Պաշտամունքի աւարտին Վերապատուելին նուիրման աղօթք կատարեց, շրջանաւարտները յանձնելով Աստուծոյ, խնդրելով որ Աստուծոյ պահպանութեան մէջ ըլլան եւ  նուաճումէ նուաճում արձանագրեն եւ Բեթէլ ոսկետառ անունը բարձր պահեն։ Վերապատուելի Համայնքապետին առաքելական օրհնութեամբ նուիրման պաշտամունքը աւարտին հասաւ։

Այս պաշտամունքը եղած է վարժարանին աւանդական ձեռնարկը՝ ծնողք-ուսուցիչ- տնօրէնութիւն  համախմբելու Աստուծոյ տան մէջ եւ գոհունակութիւն յայտնելու Անոր:

Պաշտամունքին յաջորդեց Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աւարտական հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

Ելոյթը կը վայելէր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն յիշատակը։ Ապա Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ինչպէս նաեւ Բեթէլ վարժարանի քայլերգով բացումը կատարուեցաւ հանդէսին։

Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան կատարեց բացման աղօթք, որմէ ետք Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թ. կարգէն Զօհրապ Միւրէքեան, իսկ արաբերէնով՝ ԺԲ. կարգէն Ֆարիտ Տիպ։

Անոնք շրջանաւարտներուն անունով ներկաները  ողջունեցին, դիտել տուին, որ մարդուն ներաշխարհին անդորրն ու խաղաղութիւնը կը զարգանայ արուեստով։

Ապա խումբ մը շրջանաւարտներ հայերէնով  ներկայացուցին արուեստին կարեւորութիւնը եւ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Մարդ կայ ելեր շալակն աշխարհի» քերթուածը։ Վարժարանի աշակերտներուն կողմէ կազմուած նուագախումբը յաջորդաբար ներկայացուց՝ «Մեղեդի» Առնօ Պապաճանեան, «Շողեր Ճան» Կոմիտաս։ Անգլերէն լեզուով շրջանաւարտները ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչում ունեցող շարք մը տեսերիզներու պատմութիւնը, ծնունդը եւ կարեւորութիւնը։

Վարժարանի նուագախումբը հանդէս եկաւ «Bella Caeo» կտորին մեկնաբանութեամբ։  Ապա ԺԲ. կարգէն խումբ մը շրջանաւարտներ արաբերէնով ներկայացուցին արուեստին ծնունդը, տարածումն ու նպատակը։

Գեղարուեստական յատագիրը շարունակուեցաւ արաբերէն երգով մը, կատարողութեամբ՝ Թ. կարգէն Կարօ Քուշակճեանի եւ ԺԲ. կարգէն Քրիստին Պիթարի։ Ապա խումբը մը շրջանաւարտներ ասմունքեցին Դամասկոսի նուիրուած արաբերէն ասմունք մը։ Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ արաբերէն պարով մը, որ ներկաները ոգեւորեց։ Շրջանաւարտները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի սահմանին մարտնչող քաջարի զինուորներուն, անոնց նուիրելով «Ղարաբաղ» երգը, մեկնաբանութեամբ Թ. կարգէն Կարօ Քուշագճեանի։ Երգին յաջորդեց խմբային երկրորդ ասմունքը՝ Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պարը»։

Հանդիսութիւնը առաւել ջերմ մթնոլորտ մը ստացաւ, երբ շրջանաւարտները հեզաճկուն հայկական պարով մը հանդէս եկան։

Ապա հայերէն եւ արաբերէն ուղերձներ արտասանուեցան ԺԲ. կարգի շրջանաւարտներուն կողմէ։ Արաբերէն ուղերձը կարդաց Ռըզք ալլա Առնուք, իսկ հայերէնը՝ Շամիրամ Արուշ։ Անոնք շրջանաւարտներուն երախտագիտական խօսքը յայտնեցին Վերապատուելի Համայնքապետին, իրենց ծնողներուն, ապա վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու խոստացան ըլլալ պատուաբեր զաւակներ, վառ պահելով իրենց հարազատ եւ հայատրոփ վարժարանին ջահը եւ կառչած մնալով անոր ջամբած  հայեցի, ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, որոնցմով սնանեցան տասներկու տարի շարունակ։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Արուսեակ Հալլաճեան, որ անդրադառնալով 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին, յայտնեց, որ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանին համար տարին եղաւ բեղուն ծրագիրներով եւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեամբ։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով եւ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան որոշումով դասաւանդութիւնը ընդհատուեցաւ, սակայն Վերապատուելի Համայնքապետին նախաձեռնութեամբ ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը ձեռնամուխ եղան առցանց դասաւանդութեան իրագործման։ Յիշարժան էր վարժարանի առցանց ծրագիրը, որ գաղութի մակարդակով առաջատար ընթացք ունէր։

«Մեր սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները համախմբուեցան Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին եւ տնօրէնութեան շուրջ, ճիգ չխնայեցին մեր աշակերտները պահելու վերելքին մէջ, մեր կողքին ունենալով Հայ Աւետարանական եկեղեցին, մեր առաջին նպատակը դարձնելով քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, առաւօտեան պաշտամունքներուն ընդմէջէն», ըսաւ տնօրէնուհին։

Ապա ան բեմ հրաւիրեց 2019-2020 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդականի շրջանաւարտները։ Այնուհետեւ Վերապատուելի Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանը, վարժարանի տնօրէնուհիին եւ զոյգ կարգերու տեսուչները կատարեցին վկայականաց բաշխումն ու պարգեւատրեցին միջնակարգի եւ երկրորդականի բոլոր կարգերուն առաջնակարգ աշակերտները, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի գերազանց աշակերտները։ Վարժարանի տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին՝ իր տրամադրած կրթանպաստին համար, ԺԲ. կարգի հայ լեզուի բարձրագոյն նիշ ապահովող աշակերտուհիին անվճար հայագիտական ուսման առիթ ընծայելով։ Ապա վարժարանին կողմէն նիւթական պարգեւ ստացան 2019-2020 տարեշրջանի երկրորդական կարգի պետական քննութեան առաջին դիրք ունեցող չորս աշակերտներ՝ Շահտ Տիպէ, Սարա Ալշանաս, Եուսէֆ Պսէլիս եւ Անթօնիօ Հոմսի։

Աւարտին Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, դիտել տալով որ, անոնք կրցան գտնել յաջողութեան հասնելու ճամբան՝ իրենց կեանքէն երեք անհեթեթութիւններ ոչնչացնելով՝ բախտ, պարագաներ եւ դժբախտութիւն։ Ան ըսաւ. «Յաջողութիւնը որեւէ ժամանակ հիմնուած չէ բախտի, պարագաներու եւ դժբախտութեան վրայ, որովհետեւ հանդիպեցանք պարագաներու, որոնք ընդհանրապէս արտասովոր էին մեր կեանքին մէջ, հանդիպեցանք դժբախտութիւններու, որովհետեւ այս սերունդը պատերազմ ապրեցաւ եւ պատերազմի մէջ կորսնցուց իր հետաքրքրութիւնները։ Անոնք նոյնիսկ ականատեսը եղան վայրագութիւններու, սակայն հաւատացին, որ Աստուծմէ իրենց տրուած իմաստութեամբ պիտի շրջանցեն բոլոր դժուարութիւնները՝ աշխատասիրութեամբ,  կրթական ծրագիրներու հետեւողական կիրարկումով եւ ջանասիրութեամբ։ Այս տարին երբեմն արեւմուտքի մէջ կը համարեն պսակաձեւ ժահրի շրջանաւարտներու տարի, սակայն այս սերունդը պահեց իր մրցակցութեան ոգին ու գերազանցեց իր նմանները։ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկրորդական Վարժարանը վերնագիրն է գերազանցութեան, վերնագիրն է իրագործումներու, վերնագիրն է լուրջ կրթական ծրագիրներու կիրարկումին։ Այս պատճառով ալ այսօր քաջաբար եւ ինքնավստահ, արդար հպարտութեամբ կ՛ըսենք, որ Սուրիոյ ասպնջական օրհնեալ հայրենիքին մէջ համախմբուած մեր ժողովուրդը, սկսեալ ցեղասպանութեան օրերէն, հաստատուելով այստեղ յաղթեց մահուան ու խաւարին, գիտութեան եւ աշխատանքի լոյսին փարեցաւ եւ արժանավայել կեանք մը ապրեցաւ ու պիտի շարունակէ ապրիլ»։ Արդար հպարտանքով Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան յայտնեց, որ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը Հալէպի նահանգին մէջ  գերազանցեց բոլոր վարժարանները եւ առաջնութիւն կրցաւ ձեռքբերել իր արդիւնքով, շնորհիւ նուիրեալ ուսուցչական կազմին, որ իր ողջ հմտութիւնն ու գիտելիքները աշակերտին սեփականութիւնը դարձուց։ Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանը հանդիսացաւ Սուրիոյ առաջին դպրոցը, որ առցանց դասաւանդութիւն իրագործեց բոլոր կարգերու աշակերտութեան։ Իր խօսքի աւարտին իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ․ Պաշար ալ Ասատին։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Վերջին զանգ»ով։

 

Ժիրայր Կարապետեան