Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումին մասին տեղական թէ արտաքին մամուլին կատարած իր յայտարարութիւններու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ պատասխանելով հայրենի լրատուամիջոցներու հարցումներուն, ըսաւ. «Ասիկա լիբանանեան աղէտ չէ, լիբանանահայութեան աղէտը չէ, ասիկա համահայկական աղէտ է»: «Անկեղծօրէն, ցաւով, յուզումով կ’ըսեմ` հոն, ուր մէկ հայու սիրտ կը բաբախէ` այս պահուն պէտք է բաբախէ Լիբանանի իւրաքանչիւր հայ մարդուն համար», ընդգծեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: