Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մասիս Ս.Եպս.Զօպուեանի և կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ Ազգ.Սրբ. Նահատակաց Վարժարանի հոգաբարձութեան և տնօրէնութեան, Շաբաթ 25 Յուլիս ,2020 ի երեկոյեան ժամը 6։00 ին, տեղի ունեցաւ 9_րդ կարգի ամավերջի հանդէսը,Արարատ սրահէն ներս։Օրուան հանդիսավար՝ օր.Սօսի Պետուրեան հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս, յարգելու համար յիշատակը Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն, որմէ ետք զոյգ քայլերգներով կատարուեցաւ հանդէսի բացումը։ հայերէն և Արաբերէն լեզուով բացման խօսքերը ներկայացուցին օր.Սօսի Պետուրեան և տիկ.Լարա Պետրեան, բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթելով ներկաներուն։ Գեղարուեստական յայտագրի սկիզբին, շրջանաւարտ՝ Գեղարդ Գաթրճեան, հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուայ թեման՝ Հայ լեզուն, անդրադառնալով հայ մօր վեհ առաքելութեան, երբ աքսորի դաժան օրերուն, Տէրզօրի անապատի աւազին վրայ,իր քաղցած ու անհաց որդւոյն հայերէն կ՛ուսուցանէր։ Արդ՝ խումբ մը շրջանաւարտներ, հարազատ ապրումներով և հայաշունչ արտայայտութեամբ մեկնաբանեցին Արեւմտահայ զոյգ մեծ բանաստեղծներու գործերէն քաղուած՝ Մուշեղ Իշխանի <Քու Լեզուդ> և Ժագ Յակոբեանի <Լեզուն>և < Յորդոր> փունջ մը քերթուածները, որմէ ետք ներկայացուեցաւ Սուրիական ասպնջական հայրենիքին նուիրուած Արաբերէն լեզուով ասմունք։ Ապա,ներկաները մեծ հաճոյքով ընկալեցին մերօրեայ հրատապ վիճակը պատկերացնող՝ <քորոնան և մենք>խորագրով զաւեշտը։
Յայտագրի երկրորդ մասով բեմ բարձրացաւ շրջանաւարտ՝Ժանի Ամպարճեան,որ անդրադարձաւ ուշադրութեան արժանի հայկական խաչքարերուն,և շեշտեց թէ անոնք հայրենասիրութեան, հայ ինքնատիպ մշակոյթի, հայկական գեղարուեստի բարձր ճաշակի արտայայտութեան միջոցներէն մէկն է, որ իր արժանի տեղը կը գրաւէ համաշխարհային արուեստի գանձարանին մէջ։Ան բեմ հրաւիրեց խումբ մը շրջանաւարտներ, որոնք զգայացունց հայկական մեղեդիներու և սահիկներու ընկերակցութեամբ ներկայացուցին հայկական խաչքարերու ամփոփ պատմականը։
Հասած էր արդէն հրաժեշտի պահը։Արաբերէն լեզուով ուղերձ ներկայացուց շրջանաւարտ՝ Հրակ Պետրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան և ուսուցչական կազմին, իրենց ցուցաբերած հոգատարութեան համար,ապա ցտեսութեան մաղթանքներով խոստացաւ ամրակուռ կապեր հաստատել շրջանաւարտ իր ընկերներուն և իր կառոյցով տակաւին երկար տարիներ կանգուն՝ իր սիրելի դպրոցին միջեւ։Ետքը, երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց երկրի վսեմաշուք նախագահին,որու ուղղամիտ ցուցմունքներուն և հոգատար հովանիին ներքեւ, հասակ կ՛առնեն երկրին ապագան կերտող սերունդներ։
Հայերէն լեզուով ուղերձ արտասանեց շրջանաւարտ՝ Գառնի Մանճեան։ Ան նշեց, թէ<Բաժանումի տխուր պահը չէ, որ կը յիշենք մենք այսօր։Հպարտօրէն համախմբուած՝ մենք կ՛ողջունենք նոր հորիզոններ սաւառնելու և բարձրագոյն վերելքներ նուաճելու սեմին՝ մեր առաջին յաղթական քայլը>։Ան գովաբանեց հայ դպրոցին նշմարելի դերը և հաստատեց ,որ Լաթաքիոյ Ազգ.Սրբ. Նահատակաց Վարժարանը միայն գիտութիւն ջամբող ուսումնարան չեղաւ, այլ հայութիւն ներարկող ոգի, ուր 12 տարիներու ընթացքին ,կարելի եղաւ ընկալել Մեսրոպեան շունչով հայեցի դաստիարակութիւն, զինուիլ գիտութեամբ և մայրենի լեզուին տէր կանգնելու վճռակամութեամբ։ Աւարտին,անմահ Դ.Վարուժանի բառերով ան բարձրաձայն հաստատեց՝ <Հաւատացէ՛ք ծնողներ,հաւատացէ՛ք շատ սիրելի ուսուցիչներ մեր կերտելիք վարդահեղեղ արշալոյսին,որուն ոտնաձայնը մենք կ՛առնենք>։Ապա երկիւղածութեամբ , յաջորդ սերունդի փոքրիկ աշակերտուհիին յանձնեց դպրոցի գանձարանին մէջ պահուած՝անլռելի զանգը, թելադրելով անոր և ընկերներուն հաւատաւոր ջահակիրները դառնալ ու տէր կանգնիլ իրենց աւանդ մնացած այս սիրելի վարժարանին։
Հայկական աւանդական նազպարով ու շուրջպարով և ներկաներու խանդավառ ծափողջուններով, հանդէսը հասած էր արդէն իր աւարտին։ Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան դպրոցի տնօրէնուհի՝տիկ. Հուրի Գարամարտեան, փոխանցելու իր սրտի խօսքը, ապա հոգաբարձական կազմէն՝ տիկ. Մեղրիկ Մանճեան,ընթերցելու այս առթիւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի շնորհաւորագիրը։
Տեսերիզով՝ դպրոցական յուշեր ներկայացնող պատկերներով և շքեղ նուագով բեմ բարձրացան շրջանաւարտները, որմէ ետք հրաւիրուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մասիս Ս.Եպս.Զօպուեանը,և արժանապատիւ Տ.Վազգէն քհն.Քէօշկէրեանը, կատարելու վկայականաց բաշխումը։ Ընթացքին, դպրոցիս կողմէ պարգեւատրուեցան Հայերէն լեզուի գերազանց նիշ ապահոված շրջանաւարտները, ինչպէս նաեւ նախորդ տարուան պետական քննութեան բարձրագոյն միջին ապահոված առաջին երեք աշակերտները։ Յատուկ գնահատանքով, պարգեւատրուեցան նաեւ Շաբաթօրեայ դպրոցի գծագրական դասընթացքի մասնակցող աշակերտները, որոնք 2019 ին ,մասնակցած էին Յ.Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակի առթիւ տեղի ունեցած գծագրական մրցանքին,և ապահոված պատուաբեր արդիւնքներ։
Գերշ.Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց հանդէսի պատրաստութեան համար տարուած բծախնդիր աշխատանքը, ապա շրջանաւարտներուն ուղղուած հայրական իր պատգամով,թելադրեց միշտ դրական կեցուածքով, նախաձեռնող ոգիով և պարտաճանաչ ընթացքով դառնալ գործունեայ երիտասարդներ, նուաճելու համար նորանոր բարձրունքներ։Ապա Սրբազան հօր պահպանիչով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը։

Մեղրիկ Ապահունի Մանճեան