«RT» ռուսական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2020-ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պաշտօնապէս յայտարեց, որ Ռուսիոյ յաջողեցաւ պսակաձեւ ժահրին դէմ դնելու պատուաստը արտադրել։ Նախագահը յայտնեց, որ սոյն պատուաստը մարդու մարմինին մէջ կայուն եւ մնայուն դիմադրողականութիւն կը կազմէ պսակաձեւ ժահրին դէմ։
Յիշենք որ ամիսներէ ի վեր աշխարհի տարբեր տարալուծարաններու մէջ այլազան ուսումնասիրութիւններ տեղի կ՚ունենային պսակաձեւ ժահրին դէմ դնելու յարմար պատուաստը պատրաստելու համար։