«Արմէնփրէս».-Լիբանանի կառավարութիւնը ամբողջ կազմով հրաժարական տուած է` 4 Օգոստոսին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով:
Այս առնչութեամբ երկրի վարչապետ Հասան Տիապ յայտնած է:
«Մեր կառավարութեան բոլոր նախարարները ըրած են են ամէն ինչ իրենց ուժերու ներածին չափով` ժողովուրդին եւ անոր ապագային համար: Նախարարներէն ոչ ոք գործունէութեան ընթացքին անձնական շահ չէ ունեցած: Մեր հիմնական նպատակը եղած է երկիրը փրկել, այդ ընթացքին մեզի շատ մեղադրած են տարբեր հարցերու շուրջ: Կը կարծեմ` մարդիկ պէտք է դադրէին մեզի մեղադրելէ, որպէսզի մենք կարենայյինք ուղղել մեր սխալները»,յայտնած է Տիապ:
Լիբանանի մէջ արդէն քանի մը օր է ի վեր բողոքի ցոյցեր կ’ընթանան: Ցուցարարները կը պահանջեն երկրի կառավարութեան հրաժարականը, որովհետեւ անոնց մեղաւոր կը համարեն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 Օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումին համար:

Պատրաստեց
Լիլիթ Դեմուրեան