«Երկիր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան` երկրի նախարարներու նիստէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ Թուրքիանխ կը շարունակէ իրագործել իր ծրագիրները Միջերկրական ծովուն Արեւելեան բաժինի ինչպէս «դաշտին», նոյնպէս ալ դիւանագիտութեան ոլորտէն ներս, որովհետեւ տակաւին այս հարցը կը գերակշռէ ողջախոհութիւնը:
Միեւնոյն ատեն, Թուրքիոյ ղեկավարը շեշտած է, որ Անգարան միշտ պատրաստ է երկխօսութեան եւ հաւասար հիմունքներով լուծելու Արեւելեան Միջերկրականի շուրջ առկայ տարաձայնութիւնները:
Ըստ Էրտողանի, միջերկրածովեան երկիրները պէտք է մշակեն այնպիսի բանաձեւ, որ ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար եւ պաշտպանէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին իրաւունքները: