«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուի Այալայի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի վերջին անցուդարձերը եւ յատկապէս նաւահանգիստի պայթումէն ետք ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական մակարդակներու վրայ:
Զրոյցի ընթացքին, անկախ լիբանանեան մակարդակի քննարկումէն, Այալա հետաքրքրուեցաւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կացութեամբ եւ անոր կրած վնասներով: Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայ փուլին Ընկերվար միջազգայնականէն կ՛ակնկալուի գործնական մասնակցութիւն բերել Պէյրութի եւ այլ հայահոծ շրջաններու օժանդակութեան իմաստով: